Աղբիւր՝ www.armenianorthodoxchurch.org
Յորդանանի մայրաքաղաք՝ Ամմանի մէջ գումարուող Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդի համաժողովը բարձրօրէն գնահատելով Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին բերած ներդրումը միջ-եկեղեցական շարժումին ընդհանրապէս եւ Մ.Ա.Ե.Խ.-ին մասնաւորապէս, զինք ընտրեց որպէս Խորհուրդի պատուոյ նախագահ։ Նորին Սրբութիւնը խօսք առնելով գնահատեց համաժողովին աշխատանքները, շնորհակալութիւն յայտնեց իր անձին նկատմամբ ցուցաբերուած վստահութեան եւ շեշտեց, թէ ինք յանձնառու կը մնայ իր նպաստը բերելու միջ-եկեղեցական շարժումի զարգացման։
Մ.Ա.Ե.Խ.-ի համաժողովը շարունակելով իր աշխատանքները կատարեց Գործադիր Վարչութեան ընտրութիւնը։ Համաժողովին մասնակցող Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան պատուիրակութեան անդամներէն Գերշ. Տ. Սեպուհ Արք. Սարգիսեան եւ Գերպ. Տ. Յուսիկ Ծ. Վրդ. Մարտիրոսեան ընտրուեցան Գործադիր Վարչութեան անդամներ, իսկ Դոկտ. Ժան Սալմանեան՝ անձնափոխանորդ։ Գործադիր Վարչութիւնը յառաջիկայ չորս տարիներու ընթացքին, մինչեւ յաջորդ համաժողով, կը ծրագրէ Խորհուրդի աշխատանքները եւ կը փորձէ իրագործել համաժողովէն բխած առաջարկները։ Գործադիր Վարչութիւնը կը կազմուի եկեղեցական չորս ընտանիքներու (Ուղղափառ Ոչ-քաղկեդոնական, Արեւելեան Ուղղափառ, Աւետարանական եւ Կաթոլիկ) քսանչորս ներկայացուցիչներէ։ Նշենք, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը Մ.Ա.Ե.Խ.-ի կազմութենէն ի վեր (1974) գործօն մասնակցութիւն կը բերէ Խորհուրդի աշխատանքներուն։
Վերջապէս, համաժողովը յառաջիկայ չորս տարիներու Խորհուրդի ընդհանուր քարտուղարի պաշտօնին համար ընտրեց Հայր Միշէլ Ժալըխը։