Աղբիւր՝ www.yerakouyn.com

 

Գանատայի Հայոց Թեմի Ազգային Երեսփոխանական Ժողովը տեղի ունեցաւ Լաւալի մէջ, 13-14 Մայիս 2016-ի շաբաթավերջին, հիւրընկալութեամբ Ս. Գէորգ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւին եւ Հոգաբարձութեան:

Ժողովին իրենց մասնակցութիւնը բերին Գանատայի տարածքին մէջ գործող Հոգեւորականները, եկեղեցիներու Ազգային Երեսփոխանները, Ազգային Պատգամաւորները, Հոգաբարձական կազմերը եւ գործակից կազմակերպութեանց ներկայացուցիչներն ու Կիլիկեան Սուրբ Աթոռի եւ Առաջնորդարանի շքանշանակիրներն ու հիւրերը։ Օրակարգին մաս կը կազմէր նաեւ Առաջանորդի ընտրութիւնը. քուէներու բարձր մեծամասնութեամբ՝ Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ ընտրուեցաւ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Սրբ. Արքեպիսկոպոս Չարեան:

Թեմակալ Առաջնորդը կը ծառայէր Սպահանի Հայոց Թեմէն (Նոր Ջուղա) ներս, որպէս Առաջնորդ։ Ան աւազանի անունով Յակոբ, ծնած է Պէյրութ 1965ին, Լիբանան։ Նախնական կրթութիւնը ստացած է Հայաշէնի (Պէյրութ) Ազգ. Թորգոմեան Վարժարանին մէջ։

1976ին ընդունուած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան դպրեվանքը՝ Անթիլիաս, ուր հնգամեայ ժառանգաւորաց բաժինը աւարտելէ ետք ձեռնադրուած է սարկաւագ։ Իսկ ընծայարանի եռամեայ Աստուածաբանական եւ հայագիտական դասընթացքը աւարտելէ ետք, կուսակրօն քահանայ կը ձեռնադրուի 1984ին, ձեռամբ՝ Գերշ. Տ. Տաթեւ Արք. Սարգիսեանի եւ կը վերակոչուի Տ. Բաբգէն Աբեղայ։ Այնուհետեւ դպրեվանքին մէջ կը վարէ ուսուցչութեան եւ հսկողութեան պաշտօններ։ Նոյն տարիներուն ուսուցիչ եղած է նաեւ Թռչնոց Բոյնի եւ Ազգ. Թորգոմեան վարժարաններուն մէջ։

1989ին «Հայ Հոգեւորականութեան Կորուստը Մեծ Եղեռնին» նիւթը որպէս աւարտաճառ ներկայացնելէ ետք կը ստանայ վարդապետական աստիճան ձեռամբ՝ Երջանկայիշատակ Տ.Տ. Գարեգին Բ. Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսին ։

Վանական իր ծառայութիւններուն ընթացքին (1986-1993) վարած է նաեւ Գաւազանակրութեան պաշտօն եւ եղած է անձնական քարտուղար Երջանկայիշատակ Տ.Տ. Գարեգին Բ. Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Հայրապետին։ Նոյն տարիներուն վարած է նաեւ քահանայից դասընթացքի վարիչի պաշտօնը եւ եօթը տարիներ դասաւանդած է Ազգ. Աբգարեան վարժարանէն ներս, դասաւանդելով հայագիտական ու կրօնագիտական առարկաներ։

1993-1996 տարիներուն եղած է առաջին հոգեւոր հովիւը Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց, կեդրոն ունենալով Շարժա քաղաքը, հովուելով նաեւ Տուպայի եւ Ապու Տապիի հայ գաղութները, միաժամանակ դասաւանդելով տեղւոյն հայկական միօրեայ վարժարաններուն մէջ։

1996ին կը դառնայ հոգեւոր խորհրդատուն Հայ Եկեղեցւոյ Համալսարանական Ուսանողներու Միութեան (ՀԵՀՈՄ)։

1996-2002 տարիներուն ծառայած է Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան թեմէն ներս, իբրեւ հոգեւոր հովիւ Սան Ֆրանսիսկոյի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ։ Միաժամանակ եղած է Թեմի Կրօնական Ժողովի ատենապետ։

1998ին Սան Ֆրանսիսկոյի մէջ ստացած է Ծայրագոյն Վարդապետու-թեան աստիճան, ձեռամբ Գերշ. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի։

2002-2004 Սեպտեմբեր, ծառայած է Բերիոյ Թեմէն ներս (Սուրիա), իբրեւ Առաջնորդական Փոխանորդ Ճէզիրէի, կեդրոն ունենալով Գամիշլի քաղաքը։ Ապա 2004 Օգոստոսին, Սպահանի Թեմի Պատգամաւորական ժողովին կողմէ ընտրուած է Առաջնորդական Տեղապահ Սպահանի Հայոց Թեմին։

Սպահանի Հայոց Թեմի 12-րդ Պատգամաւորական ժողովը, գումարուած՝ Նոր Ջուղայի Ս. Ամենափրկչեան վանքի կամարներուն տակ, 28 Յունուար 2005ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին կողմէ ուղարկուած եռանուն ցանկէն միաձայնութեամբ կ՚ընտրէ Սպահանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ։

2006 Յունիսին, Եպիսկոպոսկան ձեռնադրութիւն եւ օծում կը ստանայ ձեռամբ՝ Արամ Ա. Կաթողիկոսի, Անթիլիասի Մայր Տաճարին մէջ։

2014-ին, Սպահանի Հայոց Թեմի մԷջ կը նշուի սրբազան հօր քահանայութեան 30-ամեակը եւ առաջնորդութեան 10-ամեակը։ Նոյն օրը Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին կողմէ կը ստանայ Արքութեան տիտղոս։

2004-2016, 12 երկար տարիներ կը վարէ Սպահանի Հայոց Թեմի եւ հարաւային իրանահայութեան Առաջնորդական պաշտօնը։

Գանատայի Հայոց Թեմի նորընտիր Առաջնորդը Մոնթրէալ պիտի ժամանէ Յունիս ամսուն ընթացքին։

 

ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ

ԳԱՆԱՏԱՅԻ ՀԱՅՈՑ ԹԵՄԻՆ

14 ՄԱՅԻՍ 2016