Աղբիւր՝ www.yerkir.am
Զինուած հակամարտութիւնը Հալէպի եւ յարակից շրջաններուն մէջ կը շարունակուի: Անցած շաբթուան ընթացքին Հալէպ քաղաքին մէջ արձանագրուեցաւ իրավիճակի որոշակի սրութիւն:
Աւելի քան մէկ շաբաթէ ի վեր զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումներ կը հրթիռակոծեն քաղաքը ամբողջութեամբ: Չկայ վայր մը կամ շրջան մը, որ հրթիրակոծումէն իր բաժինը առած չըլլայ՝ ամէն տեղ կարելի է տեսնել աւերուած, քանդուած եւ փշրուած` բնակարաններ, գործատեղիներ, ինքնաշարժներ եւ այլն:
Վերջին օրերուն հարիւրաւոր հրթիռներ արձակուեցան դէպի Սուլէյմանիէ, Ազիզիէ, Նոր Գիւղ, Թելեֆոն Հաուաի, Ժապրիէ, Վիլլաներ, Սէյյիտ Ալի, Նիլ փողոցը, Մունշիէ, Պըսթան Գըլափ, Մոկամպօ, Խէլտիէ, հանրային պարտէզի շրջակայքն ու Նէյէլ պողոտան եւ այլ թաղամասեր:
Ամէն չափանիշով ճգնաժամային պահեր կʼապրին հալէպցիները, աւելի քան մէկ շաբաթ անընդհատ ճչացող շտապ օգնութեան կառքերու փողերու ձայնին ազդեցութեան տակ: Շտապ օգնութեան ծառայողներ դիակներ եւ վիրաւորները կը փոխադրեն հիւանդանոցներ: Մերթ ընդ մերթ կը լսուին ձայները պատերազմական օդանաւերու եւ թնդանօթներու հարուածներու, որոնք ուղղուած են ընդիմադիր զինեալներու կեդրոններուն: Այսպէս, Հալէպցիք պատերազմական քաոս կʼապրին: Զինադադարը արդէն փուլ եկած է:
Նշենք, թէ երկուշաբթի, 25 ապրիլ 2016-ին, զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումներու կողմէ արձակուած հրթիռներու պայթումէն զոհուածներու կարգին էին Ճորճ Թաշճեան, Աւետիս Թորոսեան եւ աւիլի ուշ Անի Աւագեան: Իսկ վիրաւորներուն կարգին՝ Անդօ Պահարեան եւ Յարութ Պագգալեան:
Երկուշաբթի, 2 մայիս 2016-ին, Թելէֆոն Հաուաի «Տիւզէնճի Ստեփան»ին թաղը հրասանդ մը ինկաւ, բարեբախտաբար մարդկային վնասներ չկան՝ կարգ մը բնակարաններու եւ խանութներու ապակիները փշրուած են միայն:
Հարիւրաւոր ինկած հրթիռներու պայթումներուն եւ վայրերուն մասին տեղեկութիւն փոխանցելը տեղ մը կը դժուարանայ, քանի որ մենք նաեւ կʼենթարկուինք բնականաբար հրթռիրներու տարափին:
Միջին Արեւելքի մէջ Սուրիոյ պատերազմական իրավիճակը տակաւին հեռու է խաղաղ հանգուցալուծման մը հասնելու հանգրուանէն։ Հալէպի խաղաղ բնակչութիւնը, ընկերային ու կենցաղային կաթուածահար վիճակով, հրթիռակոծումներու պայթումներու եւ զինեալ բախումներու արշակաւանին մէջ՝ իր գոյատեւման ի խնդիր կը պայքարի:
Արդարեւ, միայն անցեալ շաբթուան պայթումներուն պատճառով հազարաւոր ընտանիքներ լքեցին Հալէպը ու հեռացան, փորձեցին ապաստան գտնել ապահովական դիտանկիւնէ աւելի անվտանգ վայրեր, իսկ շատեր ալ կը սպասեն 2015-2016 ուսումնական տարեշրջանի աւարտը:
Միւս կողմէ, վերջերս Թուրքիոյ նախագահին ու վարչապետին Հալէպի դէպքերուն առնչութեամբ հաւատադրժողական եւ բարբարոսական յայտարարութիւնները, պարզ ու յստակ կը դառնայ, թէ Թուրքիա կʼանհանգստանայ սուրիական բանակին յառաջխաղացքէն, եւ կը փորձէ, որ Սուրիոյ վարչակարգին ու անոր դաշնակիցներուն թափը կտրէ: Քանի որ ակնյայտ է, թէ Սուրիոյ քաղաքական եւ ռազմական լուծման ճամբան Հալէպէն կʼանցնի: Ուրեմն վերոնշեալ արտայայտութիւնները կռուի դաշտին վրայ մղուելու կողքին, նաեւ հոգեբանական ու բարոյական ճակատամարտ է:
Անշուշտ պէտք է աչքի առաջ ունենանք, թէ Թուրքիա աշխարհիկ կարգի վիճակէն անցած է ծայռահեղ իսլամական երկրի կարգավիճակին: