Աղբիւր՝ www.aztagdaily.com

 

Անցնող շաբաթավերջին հայկական զանազան գաղութներու մէջ տեղի ունեցան 1 ապրիլին սկսած եւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան դէմ կատարուած ազրպէյճանական յարձակումները դատապարտող Լեռնային Ղարաբաղին զօրակցութիւն յայտնող ցոյցեր:

Տեղի ունեցած ցոյցերուն ընթացքին հայ ցուցարարները իրենց բնակած երկիրներուն մէջ թրքական եւ ազրպէյճանական քաղաքական ու դիւանագիտական ներկայացուցչութիւններուն անգամ մը եւս փաստեցին, թէ աշխարհասփիւռ հայութիւնը Արցախի հարցով անզիջող է:

 

ՖՐԱՆՍԱՅԻ ՄԷՋ ԶՕՐԱԿՑԱԿԱՆ ՈՒՇԱԳՐԱՒ ՀԱՒԱՔՆԵՐ` Ի ՆՊԱՍՏ ԱՐՑԱԽԻՆ ԵՒ ՀԱՅՈՑ ԲԱՆԱԿԻՆ

Ֆրանսայի վեց տարբեր քաղաքներու մէջ` Փարիզ, Մարսէյ, Լիոն, Վալանս, Կրընոպլ եւ Նիս, ֆրանսահայութիւնը ցուցական ուշագրաւ հաւաքներով իր անվերապահ զօրակցութիւնը յայտնեց Արցախի ժողովուրդին եւ հայոց յաղթական բանակին: Բազմաթիւ երեսփոխաններ, ծերակուտականներ, քաղաքապետներ եւ ընտրեալներ, ձախակողմեան թէ աջակողմեան, իրենց մասնակցութիւնը բերին սոյն հաւաքներուն եւ իրենց կարգին զօրակցութիւն յայտնեցին Ազրպէյճանի դէմ չորսօրեայ մարտերը յաղթանակած հայ ժողովուրդին:

Բոլոր հաւաքները տեղի ունեցան նոյն օրը եւ նոյն ժամուն` շաբաթ, 9 ապրիլի յետմիջօրէին: Բոլոր հաւաքները կազմակերպուած էին ֆրանսահայ կազմակերպութիւններու համադրող խորհուրդին (ՖԿՀԽ) կողմէ, ինչ որ միասնական դիմագիծի հատու պատգամ էր բոլորին: Նախորդող երեքշաբթի երեկոյեան, Փարիզի մէջ Ազրպէյճանի դեսպանատան առջեւ տեղի ունեցած էր նաեւ ուշագրաւ ցոյց մը, որ կազմակերպուած էր ՀՅԴ Նոր Սերունդ երիտասարդական միութեան կողմէ:

Շաբաթ օր տեղի ունեցած հաւաքներուն ՀՅԴ ընտանիքին կողմէ խօսք առին ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Մուրատ Փափազեան` Փարիզի մէջ եւ ՀՅԴ Արեւմտեան Եւրոպայի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Հրաչ Վարժապետեան` Մարսէյի մէջ: Անոնք իրենց պատգամը փոխանցեցին կեդրոնանալով հիմնական երեք առանցքներու վրայ. ա) Հայկական բանակի արձանագրած յաղթանակը, բ) Աշխարհով մէկ հայ ժողովուրդին պարզած միասնականութիւնը եւ անվերապահ զօրակցութիւնը Արցախի եւ Հայաստանի հանդէպ եւ գ) Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան միջազգային ճանաչումը` իբրեւ միակ միջոց տագնապի լուծման: Խօսք առին նաեւ ՖԿՀԽ-ի Փարիզի եւ Լիոնի նախագահներ Արա Թորանեան եւ Րաֆֆի Գրիգորեան, որոնք իրենց կարգին շեշտեցին յաղթանակի կարեւորութիւնը եւ տագնապը խաղաղ բանակցութիւններով լուծելու սկզբունքը` մերժելով թուրք-ազրպէյճանական յարձակողապաշտ քաղաքականութիւնը:

 

ԱՒԵԼԻ ՔԱՆ 3500 ԼՈՍԱՆՃԵԼԸՍԱՀԱՅԵՐ ԲՈՂՈՔԵՑԻՆ ԱԶՐՊԷՅՃԱՆԻ ՅԱՐՁԱԿՈՒՄՆԵՐՈՒՆ ԴԷՄ

8 ապրիլին աւելի քան 3500 հայորդիներ` անսալով Հայ երիտասարդաց դաշնակցութեան կոչին, համախմբուեցան Կլենտէյլի մէջ Ուիլշըն պողոտային վրայ գտնուող Ազրպէյճանի հիւպատոսարանին առջեւ` իրենց բողոքը արտայայտելու Պաքուի կողմէ Լեռնային Ղարաբաղի վրայ կատարուած յարձակումներուն, քաղաքացիներու ու մանուկներու սպանութեան եւ ազրպէյճանական անմարդկային արարքներուն դէմ:

Ցուցարարները խաղաղ նստացոյց մը կատարեցին Ուիլշըն եւ Կրանվիլ փողոցներու քառուղիին վրայ` «Ոչ մէկ թիզ» բացագանչութիւններ բարձրացնելով:

Բողոքի ցոյցին ընթացքին արտասանուած խօսքերուն մէջ շեշտուեցաւ այն, որ այնքան ատեն որ աշխարհի որեւէ անկիւնը, այս պարագային Արցախի մէջ, հայութիւնը վտանգի կամ սպառնալիքի ենթակայ է, համայն հայութիւնը պիտի համախմբուի պաշտպանելու հայրենիքն ու ժողովուրդը:

Հայ երիտասարդաց դաշնակցութեան անունով խօսք առած Վերժին Թուլումեան ցուցարարներէն խնդրեց մէկ վայրկեան լռութեամբ յարգել նահատակներուն յիշատակը: ՀԵԴ կրտսերներու խօսքը փոխանցեց Արենի Համբարեան, որ հաստատեց հայութեան վճռականութիւնը` ամէն գնով պայքարելու Արցախին սպառնացող որեւէ վտանգի չէզոքացման ի խնդիր: Հայ երիտասարդաց դաշնակցութեան Սան Ֆերնանտօ հովիտի «Սարդարապատ» մասնաճիւղին խօսքը փոխանցեց Բիւզանդ Պէրպէրեան, որ անդրադարձաւ պատմութիւնը խեղաթիւրելու փորձերուն:

ՀԵԴ Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Գեւ Իսքաճեան յստակ պատգամ ուղղեց Ազրպէյճանի հիւպատոսարանին` հաստատելով, որ բացարձակապէս մերժելի եւ դատապարտելի են Պաքուի բռնարարքներն ու ոճիրները: Ան շեշտեց, որ արցախեան պատերազմը յաղթած ժողովուրդ մը վճռակամ ու հաստատ է ոչ իսկ թիզ մը հող զիջելու իր կեցուածքին մէջ:

ՀԵԴ-ի անդամ Դաւիթ Առաքելեան տեղեկացուց, որ Արցախի զինուորներուն եւ անոնց ընտանիքներուն օժանդակելու արշաւը կը շարունակուի` կոչ ուղղելով ՀՕՄ-ի ճամբով մասնակից ըլլալու Արցախին օգնելու նախաձեռնութեան: Ան հաստատեց, որ լոսանճելըսահայութիւնը եւ համայն հայութիւնը պիտի շարունակեն պայքարիլ արդարութեան ձեռքբերման ի խնդիր:

Ապա ցուցարարները դատարկեցին փողոցը` խաղաղութեամբ, համախմբուեցան Ազրպէյճանի հիւպատոսարանին առջեւ, երգեցին Հայաստանի քայլերգը եւ իրենց ամբողջական նեցուկը յայտնեցին Արցախին:

 

ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆԻ ՄԷՋ ՑՈՅՑ ԱԶՐՊԷՅՃԱՆԻ ԴԵՍՊԱՆԱՏԱՆ ՄՕՏ

Ապրիլ 8-ին, աւելի քան 150 հայորդիներ հաւաքուեցան Ուաշինկթընի մէջ Ազրպէյճանի դեսպանատան մօտ` խաղաղ ցոյցով մը իրենց ցասումն ու զայրոյթը արտայայտելու:

Այս հաւաքը կազմակերպած էր շրջանի ՀՅԴ «Սեպուհ» կոմիտէին կողմէ` գործակցաբար շրջանի Հայ առաքելական Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ հետ: Ներկայ էին նաեւ տեղւոյն ՀԵ Դաշնակցութիւնը, ՀՄԸՄ-ը եւ շաբաթօրեայ «Համաստեղ» վարժարանի աշակերտները:

Հազիւ քսան ազերի ցուցարարներ, մեծամասնութեամբ դեսպանատան պաշտօնեաներ, իրենց երկրին դրօշակը ծածանելով փորձեցին խափանել ցոյցը, սակայն պահանջատէր հայորդիներուն հաւաքը երբեք չխանգարուեցաւ: Ներկայ էր նաեւ թրքական հեռատեսիլի կայանի լրագրողը:

Զոհերուն յիշատակին աղօթք կատարեց Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ հովիւ Սարգիս քհնյ. Աքթաւուգեան:

Խօսք առին Արամ Սարաֆեան (ՀՅԴ «Սեպուհ» կոմիտէի անունով) եւ Յովսէփ Աւագեան (Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան Շրջանի Կեդրոնական կոմիտէի անունով):

«Մենք այսօր հաւաքուած ենք, յայտնելու մեր բողոքը: Կատարուածը անմարդկային եւ կոյր ռմբակոծումներ են անմեղ բնակչութեան վրայ: Հազիւ 12 գարուններ բոլորած պատանի մը մահացաւ, եւ դեռ աւելին ալեհեր ծերունիներ վայրագօրէն սպաննուեցան: Մենք կոչ կ՛ուղղենք Ալիեւին` կասեցնելու այս արարքները», ըսաւ Արամ Սարաֆեան:

Իսկ Յովսէփ Աւագեան, իր կարգին խօսք առնելով, յայտնեց, թէ միայն դիւանագիտութեամբ եւ կլոր սեղանի շուրջ հանդիպումներով կարելի է այս հիմնահարցը լուծել: «ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակը այս գործը կը կատարէ` յանձին իր համանախագահներուն: Բոլոր պարագաներուն, արցախցին կառչած է իր հողին պիտի շարունակէ պայքարիլ: Հայաստանն ու սփիւռքը կողքին են Արցախի մարտունակ ժողովուրդին: Մենք կը դատապարտենք այս սադրիչ ռմբակոծումները», յայտնեց Աւագեան:

 

ՆԻՒ ԵՈՐՔԻ ՄԷՋ ՑՈՅՑ ԵՒ ՀԱՒԱՔ

9 ապրիլին ցոյց մը կազմակերպուեցաւ Նիւ Եորքի ՄԱԿ-ի կեդրոնատեղիին մօտակայքը: Այս հաւաքը կազմակերպուած էր Նիւ Եորքի եւ Նիւ Ճըրզիի մէջ ՀՅԴ-ի («Արմէն Գարօ» եւ «Դրօ» կոմիտէութիւններ) եւ ՌԱԿ-ի  կողմէ:

Ի յիշատակ հայրենիքին համար զոհուած զինուորներուն, հոգեհանգստեան աղօթք կատարուեցաւ Նիւ Եորքի Ս. Լուսաւորիչ Մայր եկեղեցւոյ մէջ: 250-է աւելի հայորդիներ համախմբուած էին իրենց բողոքը արտայայտելու: ՀՅԴ Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան Շրջանի Կեդրոնական կոմիտէին անունով խօսք առաւ Արամ Յովակիմեան, որ Պաքուէն պահանջեց կասեցնել անմեղներուն վրայ կատարած իր ռմբակոծումները:

Հաւաքին ելոյթ ունեցաւ նաեւ անուանի գրող, դոկտ. Հրանդ Մարգարեան, որ ըսաւ. «Որպէսզի մենք կարենանք պատմութեան նայիլ բաց աչքերով, պէտք է յիշենք մեր նահատակները, մեր անցեալը: Դուք` իբրեւ երիտասարդներ, այստեղ հաւաքուած էք թուրքին ու ազրպէյճանցիին ըսելու, թէ չեն կրնար այդ ազգի տեղաշարժ ընել, որովհետեւ այդ ազգը պատմութիւն ունի: Այդ նոյն թուրքը կ՛ուզէ ձախողեցնել մեր պատմութեան ընթացքը, սակայն պիտի չյաջողի: Մենք ունինք զէնք մը, զոր ազրպէյճանցին ու թուրքը չունին: Մենք հաւատք ունինք պատմութեան հանդէպ, նահատակներ ունինք մեր մէջ: Մենք այդ ժողովուրդն ենք, զոր ոչ ոք կրնայ շարժել իր տեղէն: Արցախը մինակ չէ, Հայաստանը մինակ չէ, մենք ամբողջական` սփիւռք-Հայաստան-Արցախ մէկ շունչ ենք, մէկ պատմութիւն, մէկ պահանջ, մէկ յաղթանակ : Այդ յաղթանակին է, որ մենք կը սպասենք»:

Հաւաքը աւարտեցաւ Արցախին նուիրուած երգերով:

 

ԱՒՍՏՐԱԼԱՀԱՅՈՒԹԻՒՆԸ ԲԱՐՁՐԱՑՈՒՑ ԻՐ ԲՈՂՈՔԻ ՁԱՅՆԸ ԱԶՐՊԷՅՃԱՆԻ ԴԵՍՊԱՆԱՏԱՆ ԴԻՄԱՑ

Ուրբաթ, 8 ապրիլ 2016-ին Աւստրալիոյ մայրաքաղաք Քանպէրայի մէջ աւելի քան 250 հայորդիներ հաւաքուած էին Ազրպէյճանի դեսպանատան դիմաց` բարձրացնելու իրենց բողոքի ձայնը Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան մէջ կատարուած անմարդկային արարքներուն դէմ:

Բողոքի այս ցոյցին դէմ հաւաքուած էին մօտաւորապէս 30 թուրքեր եւ ազերիներ, որոնց նպատակն էր խանգարել հայութեան ցոյցը:

«Ղարաբաղը մերն է», «Ամօթ Ալիեւին» եւ «Պայքար մինչեւ վերջ» կանչերով հայերը բարձրացուցին իրենց բողոքի ձայնը: Ցոյցի մասնակիցները բարձրացուցած էին Հայաստանի եւ Արցախի դրօշակները, ինչպէս նաեւ պաստառներ, որոնք պատրաստուած էին ՀՅԴ Աւստրալիոյ Երիտասարդական միութեան կողմէ:

Ցոյցին ընթացքին ելոյթ ունեցան Աւստրալիոյ Հայ դատի յանձնախումբէն Վաչէ Գահրամանեան, Աւստրալիոյ Հայ դատի յանձնախումբի գործադիր գործավար Արին Մարգարեան, ՀՅԴ Աւստրալիոյ Երիտասարդական միութեան «Նիկոլ Դուման» եւ «Բեկոր» մասնաճիւղերու ատենապետներ` Արամ Թիւֆէնքճեան եւ Մայքլ Քոլոքոսեան, եւ ՀԲԸՄ գործադիր տնօրէն Սարգիս Մանուկեան:

ՀՅԴ Աւստրալիոյ Երիտասարդական միութիւնը պատրաստած էր նամակ մը, որ պիտի յանձնուէր Ազրպէյճանի դեսպանին, սակայն ան չընդունեց:

Արամ Թիւֆէնքճեան ընթերցեց նամակէն բաժիններ` դատապարտելով ազրպէյճանական վայրագութիւնները եւ շեշտելով, որ հայութիւնը լուռ պիտի չմնայ:

Բողոքի ցոյցը կազմակերպուած էր Հայ առաքելական, կաթողիկէ եւ աւետարանական եկեղեցիներու, Սոցեալ դեմոկրատ հնչակեան, Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան եւ Ռամկավար ազատական կուսակցութիւններու, Հայ Բարեգործական ընդհանուր միութեան, Հայ օգնութեան միութեան, Համազգայինին, ՀՄԸՄ-ին, ՀՅԴ Աւստրալիոյ Երիտասարդական միութեան, Աւստրալիոյ Հայ դատի յանձնախումբին, Թէքէեան մշակութային միութեան, «Տխրունի» Երիտասարդական միութեան եւ «Նոր Սերունդ» մշակութային միութեան ճիգերով:

 

ԱՄՍԹԵՐՏԱՄԻ ՀՅԴ «ԳԱՐԵԳԻՆ ՆԺԴԵՀ» ՄԻՈՒԹԻՒՆԸ ՑՈՅՑ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊԱԾ Է` ԸՆԴԴԷՄ ԱԶՐՊԷՅՃԱՆԱԿԱՆ ՎԱՅՐԱԳՈՒԹԵԱՆ

ՀՅԴ «Գարեգին Նժդեհ» միութիւնը ցոյց կազմակերպած է` ընդդէմ ազրպէյճանական վայրագութեան: Ցոյցին մասնակիցները Եռագոյն դրօշներ ծածանելով` վանկարկած են «Մենք բոլորս Արցախ ենք», «Ոչ մի թիզ հող չենք զիջի», «Ղարաբաղը Հայաստան է»:

Ցուցարարները նաեւ Արցախի մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւններուն, ինչպէս նաեւ Ազրպէյճանի ղեկավարութեան բռնի գործունէութիւններուն  մասին տեղեկացնող թռուցիկներ բաժնած են:

 

ԲՈՂՈՔԻ ՑՈՅՑ ՍՏՐԱՍՊՈՒՐԿԻ ՄԷՋ

Ստրասպուրկի հայ համայնքի ներկայացուցիչները բողոքի ցոյց կազմակերպած են եւ իրենց զայրոյթն ու բողոքը արտայայտած Լեռնային Ղարաբաղի մէջ  Ազրպէյճանի վայրագութիւններուն եւ սադրիչ գործողութիւններուն դէմ:

Բողոքի ցոյցին սկիզբը եղած է Ստրասպուրկի մէջ Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանին (ՄԻԵԴ) դիմաց: ՄԻԵԴ-ի դիմաց բողոքի ցոյցին կազմակերպիչները, Սթրասպուրկի «Հայորդի» երիտասարդական միութեան անդամները իրենց խօսքը ուղղեցին ցոյցի մասնակիցներուն:

Հարիւրաւոր հայեր, որոնք հաւաքուած էին ՄԻԵԴ-ի դիմաց, 1 վայրկեան լռութեամբ յարգեցին զոհերուն յիշատակը եւ Տէրունական աղօթքով ուղղուեցան դէպի Եւրոպական խորհուրդի կեդրոն:

Եւրոպական խորհուրդի կեդրոնէն մասնակիցները ուղղուեցան դէպի Եւրոպական խորհուրդին մէջ Ազրպէյճանի մնայուն ներկայացուցչութեան կեդրոն, որուն դիմաց անոնց կը սպասէին քանի մը ազրպէյճանցիներ` իրենց դրօշներով: Հայորդիներուն բողոքի ձայնը  լռեցնելու համար ներկայացուցչութիւնը երաժշտութեամբ կը փորձէր խանգարել ցոյցը:

Նշենք, որ Սթրասպուրկի հայ համայնքը կազմակերպած է նաեւ դրամահաւաք, որուն հաւաքուած գումարը, ինչպէս ըսին «Հայորդի» երիտասարդական կազմակերպութեան ներկայացուցիչները, պիտի տրամադրուի զոհուած զինուորներէն մէկուն ընտանիքին եւ Թալիշ գիւղէն փախած 2 ընտանիքի, որոնց մէջ կան 11 պատանիներ:

 

ՊՈՒԼԿԱՐԻՈՅ ՀԱՅԵՐՈՒ ՄԻՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ԴԱՏԱՊԱՐՏԷ ԱԶՐՊԷՅՃԱՆԻ ԱՀԱԲԵԿՉԱԿԱՆ ԳՈՐԾՈՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ

Պուլկարիոյ հայերու միութիւնը տարածած է յայտարարութիւն մը, որուն մէջ միութեան նախագահ Յարութիւն Յովսէփեան խստօրէն դատապարտած է Ազրպէյճանի ահաբեկչական գործողութիւնները Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան մէջ: Յայտարարութեան մէջ ըսուած է, թէ Պուլկարիոյ հայերու միութիւնը խստօրէն կը դատապարտէ 1 ապրիլին սկսած` Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան սահմանի  ամբողջ երկայնքով օդուժի եւ ծանր հրետանիի օգտագործումով Ազրպէյճանի լայնածաւալ զինուորական յարձակումները, որոնք աննախադէպ էին 1994-ին հաստատուած զինադադարէն ի վեր: Միութիւնը կոչ կ՛ուղղէ Պուլկարիոյ իշխանութիւններուն, եւրոպական եւ միջազգային մարմիններուն վճռականօրէն դատապարտելու Ազրպէյճանի սադրիչ գործողութիւնները` մարդկային տասնեակ ու հարիւրաւոր կեանքերու կորստեան համար:

Յայտարարութեան մէջ նշուած է նաեւ, թէ Պուլկարիոյ հայերու միութիւնը զօրավիգ է Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան եւ անոր ժողովուրդին յանուն ազատութեան մղած պայքարին:

 

ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ` ՄՈՄԵՐՈՎ ԵՐԹ

Իբրեւ զօրակցութիւն հայկական բանակին, ինչպէս նաեւ յարգանք իրենց կեանքը արցախեան հողի պաշտպանութեան նուիրաբերած զինուորներուն Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ լուռ երթ մը` դէպի Եռաբլուր: