Աղբիւր՝ www.yerakouyn.com

 

Քեսապի հայ բնակչութեան 40 տոկոսը վերադարձած են` մօտաւորապէս հազար հոգի: Այսօր լրագրողներու հետ հանդիպման ժամանակ յայտնած է սուրիահայ պատմաբան Գէորգ Եազճեան` նկատելով, որ անոնց մէջ քիչ են երիտասարդները:

Իսկ Այսօր ուղղակի Քեսապէն Սուրիահայութեան շտապ օգնութեան գործադիր մարմինի անդամ Կարօ Մանճիկեան տեղեկացուց. «Քեսապ վերադարձողներուն ստոյգ թիւը Նոյեմբեր 2015-ի տուեալներով մօտ 1200 հայ է, մինչ տեղահանութենէն առաջ մօտ 1400 էր: Մօտ 100 հոգի առժամեայ բնակութիւն հաստատած են Լաթաքիա, Լիբանան: Երիտասարդութեան ստուար թիւ մը տակաւին Քեսապ կը մնայ: Դպրոցներուն աշակերտութեան թիւը շատ փոքր նուազում արձանագրած է: Ասոնք ստոյգ և վիճակագրական թիւերն են»:

Յիշեցնենք, որ ասկէ երկու ամիս առաջ Կարօ Մանճիկեան յայտնած էր, որ ժողովուրդին 85 տոկոսը վերադարձած է Քեսապ:

«Քեսապի մէջ ժամանակաշրջանին բնակչութիւնը աւելցած է Հալէպէն եկած հայերու շնորհիւ, քանի որ այսօր Քեսապի մէջ համեմատած վիճակը կայուն է»,- նշած է Գէորգ Եազճեան:

Ան տեղեկացուցած է, որ մինչ այժմ Սուրիոյ մէջ զոհուած է 50 խաղաղ հայ քաղաքացի, հայ 10 զինուոր բանակի մէջ նահատակուեցաւ, եւս 50 հայ քաղաքացիներ տարբեր աստիճանի վնասուածքներ ստացած են:

Սուրիահայ գրողին խօսքերով, երբեք չէ խօսուած Քեսապին մօտ գտնուող Եագուպիէ, Ղնէմիէ հայկական ծագում ունեցող արաբախօս այս երկու գիւղերուն մասին, որոնք նոյնպէս գրաւուած են եւ այդ գիւղերէն ալ մարդիկ բնակութիւն հաստատած են Քեսապ:

Անդրադառնալով Հալէպին, պատմաբանը նշած է, որ 45-50 հազարնոց հայկական գաղութէն այնտեղ այժմ մնացած է շուրջ կէսը, 15-17 հազար սուրիահայեր վերադարձած են Հայաստան, նոյնքան ալ` Պէյրութ. «սՍուրիոյ հայ բնակչութենէն մասն մը  ալ տեղափոխուալ է երկրի հիւսիս-արեւելք` քրտաբնակ շրջաններ, ուր անոնց բաւական լաւ կը վերաբերին»:

Գէորգ Եազճեան յատկանշական համարեց այն, որ անոնցմէ զգալի մաս մըն ալ ընդհանրապէս չի ծրագրեր վերադառնալ ծննդավայր, քանի որ Սուրիոյ մէջ կորսնցուցած է ամէն ինչ, սակայն քիչ չեն նաեւ այն սուրիահայերը, որոնք կը սպասեն վիզաներու` հեռանալու Հայաստանէն եւ հանգրուանելու օտար երկիրներ: