Աղբիւր՝ www.asbarez.com

 

Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ Արեւելեան թեմի առաջնորդ Օշական արք. Չօլոյեան ու Հայ Դատի գրասենեակէն Արամ Համբարեան եւ Քէյթ Նահապետեան իրենց մասնակցութիւնը բերած են Սեպտեմբեր 9-11, մայրաքաղաք Ուաշինկթընի մէջ կայացած այն խորհրդաժողովին, որ լուսարձակի տակ առաւ Միջին Արեւելքի քրիստոնեաներուն դիմագրաւած դժուարութիւնները եւ քննեց անոնց անմիջական աջակցութիւն տրամադրելու կարելիութիւնները։

Խորհրդաժողովը կոչ ըրաւ ամերիկեան իշխանութեանց, որ կտրուկ ու ազդու միջոցառումներու դիմեն՝ կասեցնելու համար Միջին Արեւելքի քրիստոնեաներուն հալածանքը, որ հասած է ցեղասպանութեան մակարդակի։

Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Արամ Համբարեան իր ելոյթին մէջ շեշտեց, թէ Միացեալ Նահանգները ու միջազգային համայնքը պէտք է քրիստոնեաներուն հալածանքը կասեցնելու հրամայականին մօտենան ոչ թէ իբրեւ քաղաքական պարզ հարց մը, այլ զայն նկատեն բարոյական պարտաւորութիւն։ Հայոց Ցեղասպանութեան օրինակը տալով՝ ան շեշտեց, թէ «Իսլամական պետութեան» իրագործած ոճիրները անյապաղ ցեղասպանութիւն պէտք է կոչել, այլապէս ոճրագործները, Թուրքիոյ օրինակը գործածելով՝ ապագային պիտի փորձեն անոնց ուրացումը ապահովել։

Նշենք, որ խորհրդաժովին ընթացքին, քոնկրեսականներ Աննա Էշու, Ճեֆ Ֆորթենպերի եւ չորս այլ քոնկրեսականներ Ներկայացուցիչներու տան ներկայացուցած են բանաձեւ մը՝ պահանջելով Միջին Արեւելքի մէջ քրիստոնեաներուն եւ կրօնական այլ փոքրամասնութիւններուն դէմ «Իսլամական պետութեան» կողմէ գործուող արարքները ցեղասպանութիւն կոչել: Բանաձեւը արդէն իսկ 35 հովանաւորներ ապահոված է։

Իր կարգին, քոնրկրսական Պրետ Շըրմըն յայտնեց, թէ իր պաշտօնակից Տէյվիտ Թրաթի հետ միասնաբար պիտի ներկայացնէ բանաձեւ մը, ուր պիտի շեշտուի քրիստոնեաներուն եւ կրօնական այլ փոքրամասնութիւններուն՝ իրենց բնակավայրերուն մէջ օժանդակելու կարեւորութիւնը, որպէսզի անոնք չպարտադրուին գաղթի ճամբան բռնելու։

Իր կարգին, Թրաթ քննադատեց Հայոց Ցեղասպանութիւնը յստակօրէն չճանչնալու նախագահ Պարաք Օպամայի կեցուածքը՝ աւելցնելով, թէ Հայոց Ցեղասպանութեան եւ «Իսլամական պետութեան» իրագործած ոճիրները ցեղասպանութիւն կոչելու գծով աւելի յանդուգն քաղաքականութիւն պէտք է որդեգրուի Ուաշինկթընի կողմէ։

Քոնկրեսի Հայկական հարցերու համախմբումի համաատենապետ Ռապըրթ Տոլտ եւս շեշտեց ոճրագործներուն դիմաց ձեռնածալ մնալու վտանգը՝ յիշեցնելով Հրէական Ողջակիզումէն առաջ Հիթլերի՝ «Այժմ ո՞վ կը յիշէ հայերու ոչնչացումը» խօսքը։

Առաջնորդ Օշական արք. Չոլոյեան, որ նաեւ Միջին Արեւելքի քրիստոնեայ եւ արաբ եկեղեցիներու համախմբումի նախագահն է, մասնակցեցաւ միջեկեղեցական հաւաքին՝ շեշտելով նման հաւաքներու հայութեան մասնակցութեան կարեւորութիւնը։

Նաեւ, Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի կառավարական հարցերու վարիչ Քէյթ Նահապետեան մասնակցեցաւ խումբ մը ծերակուտականներու գլխաւորած քննարկումին՝ խօսելով յատկապէս համայնքի մտահոգութիւնները ընտրեալ պաշտօնատարներուն աւելի ազդու կերպով լսելի դարձնելու միջոցներուն եւ նման փոխանցումներու կարեւորութեան մասին։