Աղբիւր՝ www.yerakouyn.com
Թուրք-սուրիական սահմանի սուրիական կողմին վրայ գտնուող Քոբանի քաղաքին մէջ ընթացող մարտերու հետեւանքով քաղաքը լքած Թովմասեաններու ընտանիքը 9 ամիսէ ի վեր կը բնակի Ուրֆա: Վերջին 5 ամիսը մնացած է փախստականներու համար նախատեսուած վրանային ճամբարին մէջ, կը գրէ Tert.am-ը:
«Ակօս»-ի թղթակիցները այցելած են այդ ընտանիքը, որուն անդամները վերջին ամիսներու ընթացքին իրենցմէ բացի առաջին անգամ հայ տեսելով յուզուած են:
Մեզի հետ այստեղ շատ լաւ կը վարուին, սակայն մենք այստեղէն մէկ վայրկեան առաջ հեռանալ կ՛ուզենք` ուր որ ըլլայ»,- ըսած են ընտանիքին անդամները:
30 հազար վրան, մօտ 100 հազար մարդ` հիմնականօրէն արաբ եւ քիւրտ: «Իսլամական պետութեան» կողմէ Քոպանիի վրայ յարձակեկէն ետք ժողովուրդը այս վրանային «քաղաք» ապաստանած է: Քոբանիի հայ ընտանիքներէն են Թովմասեանները, որոնք 9 ամսիէ Սուրուչ կը գտնուին:
Յուլիսը վրանային ճամբար տեղափոխուելու 5-րդ ամիսն է: Անոնց կեանքը պատմութեան ամբողջ ընթացքին գաղթ, պատերազմ ու աւեր տեսած հայ ժողովուրդի պատմութեան նման է:
Ստորեւ անոնցմէ իւրաքանչիւրը կը ներկայացնէ իր պատմութիւնը.
«Անունս Յակոբ է: Քոպանիի մէջ ինքնաշարժներու նորոգմամբ կը զբաղէին: Պատերազմէն փախելով` եղբայրներուս հետ մեր ընտանիքներով այստեղ հասանք: 15 հոգի ենք: Մեզի նախ գիշերօթիկ դպրոցի մը մէջ տեղաւորեցին, այժմ ալ, ահա, վրանային ճամբարի մէջ ենք: Ձմրան շատ անձրեւ եկաւ, սակայն այդ ժամանակ դպրոցի մէջ էինք, չէինք թրջուէր: Չեմ պատկերացներ, թէ այս ձմեռ ինչպէս պիտի անցնենք: Այստեղ մեզի հետ լաւ կը վարուին, բայց մենք մէկ վայրկեան առաջ հեռանալ կ՛ուզենք, ուր որ պատահի…»:
«Կինս` Ֆերուզն է, մէկ ոտքը փրոթեզ է: Երեք ամիս առաջ կտրեցին»:
«Անունս Սերոբ է: Եղբայրս Քոպանիի վերջին յարձակումներէն առաջ փոքր որդիին հետ այնտեղ էր: Զայն սպաննած են որդիին աչքի առաջ: Տղան դեռ ուշքի չէ եկած: Ամբողջ օրը վրանին մէջ է եւ չի խօսեր:
«Արդեն 9 ամիս է Սուրուչ ենք, 5 ամիս` վրանային ճամբարի մէջ: Մեզմէ բացի ոչ մէկ հայ տեսած ենք: Դուրսը արաբերէն ու քրտերէն կը խօսինք, սակայն մեր մէջ հայերէն կը շփուինք, որ մեր լեզուն չմոռնանք: Ձեզի հետ սեղան նստիլը մեզի համար շատ կարեւոր է: Արդէն 9 ամիսէ մեր սեղանին հայեր չեն եղած:
«Հայաստան երթալ չենք նախընտրեր, քանի որ մեզմէ շատերը ոչ միայն անձնագիր, այլեւ որեւէ փաստաթուղթ չունին: Անձնագրի համար առնուազն 1000 տոլար կը պահանջուի: Մենք 15 հոգի ենք, 15.000 տոլար ուրկէ՞ գտնենք: Եթէ ըսեն` Քոպանի վերադարձէք, Քոպանին արդէն չկայ… »: