Աղբիւր՝ www.yerakouyn.com

 

Հայաշատ Հալէպի մէջ արդէն քանի մը օրէ ելեկտրականութիւն եւ ջուր չկայ: Այս մասին «Արմէնփրես»-­ին տեղեկացուցած է Հալէպի իր աղբիւրը` աւելցնելով, որ բնակիչները շիշերով կը փորձեն ապահովել խմելու ջուրը:

Ինչ կը վերաբերի քաղաքին մէջ տիրող իրավիճակին, աղբիւրը տեղեկացուցած է, որ թէեւ մերթ ընդ մերթ պայթիւններու, կրակոցներու ձայներ կը լսուին, այնուամենայնիւ, թէժ բախումներ եւ մարտեր չկան, իրավիճակը բաւական հանգիստ կարելի է համարել:

«Հալէպցիները այժմ մտահոգուած են ջուրի եւ էլեկտրականութեան բացակայութեամբ»,- նշած է աղբիւրը: Լուրեր կը շրջանառուին այն մասին, որ պետութիւնը աշխատանքներ կը տանին զանոնք վերականգնելու ուղղութեամբ:

Հալէպ քաղաքը 2012-ի Ամառուընէ ի վեր դարձած է կառավարական ուժերու եւ զինուած տասնեակ խմբաւորումներու բախումներու թիրախին: Բախումները հոն մինչեւ այսօր կը շարունակուին: Քաղաքի արեւմտեան թաղամասերը կը գտնուին կառավարական ուժերու, իսկ արեւելեան թաղամասերը` զինուած խմբաւորումներու հսկողութեան տակ: