Աղբիւր՝ www.asbarez.com

 

Սուրիոյ հայութեան զօրակցութեան գործադիր մարմինէն (SARF) ստացած ենք յայտարարութիւն մը, որ Սուրիոյ հայութեան օժանդակելու անյետաձգելի կոչ մըն է՝ Հալէպի հայ համայնքին վրայ նորագոյն յարձակումի լոյսին տակ։

Ստորեւ սոյն յայտարարութիւնը.

Մինչ հայութիւնը կ'աւարտէր Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակի ոգեկոչումները, Հալէպի հայ համայնքը դարձեալ թիրախ դարձած է վայրագ յարձակումի մը, երբ ռմբակոծուած ու աւերուած է Բերիոյ թեմի առաջնորդանիստ՝ 15րդ դարուն կառուցուած Սրբոց Քառասնից Մանկանց հայկական եկեղեցին:

Բարբարոս այս յարձակումին թուականը զուգադիպութեան արդի՞ւնք էր, թէ պատգամ մը այն նոյն ցեղասպան ոճրագործներէն, որոնք կը շարունակեն թիրախ դարձնել մեր մշակոյթը, մեր հաւատքը, մեր ինքնութիւնը։

Ինչպէս ծանօթ է, Հալէպի մէջ պատերազմը մտած է նոր եւ շատ վտանգաւոր հանգրուանի մը մէջ։ Մեր թաղամասերը այժմ ուղղակի կրակոցներու ճակատին վրայ կը գտնուին ու ամէնօրեայ յարձակումներու թիրախ են։ Մեր ժողովուրդը անմիջական վտանգ կը դիմագրաւէ ու կը կրէ մարդկային ու նիւթական վնասներ։ Մեր եկեղեցիները եւս կը մնան յարձակումի թիրախ։

Հակառակ անոր, որ Սուրիոյ մեր եղբայրներուն կրած իւրաքանչիւր ողբերգութենէ ետք կը մոլեգնինք, սակայն միաժամանակ կը յիշենք, որ մենք Ցեղասպանութեան մոխիրներէն յարութիւն առած ազգ մըն ենք։ Հալէպի եւ միւս քաղաքներուն մէջ հայութեան կրած աղէտները կը զօրացնեն սուրիահայութեան նեցուկ կանգնելու մեր նուիրումը, որպէսզի անոնց օժանդակութեան ձեռք երկարենք թէ՛ Սուրիոյ մէջ եւ թէ անկէ դուրս, յատկապէս Հայաստանի մէջ։

Այսօր, Հալէպի բնակիչներուն ճակատագիրը անորոշ է։ Ի՞նչ պիտի ըլլայ մեր կեցուածքը։ Կոչ կ'ընենք համայնքին, որ անգամ մը եւս իր գործնական մասնակցութիւնը բերէ սուրիահայութեան օգնելու արշաւին, իր անմիջական օժանդակութիւնը ղրկելով հետեւեալ հասցէներուն՝

 

www.SyrianArmenianReliefFund.org

Syrian Armenian Relief Fund, P.O. Box 1948, Glendale, CA 91209-1948

 

Սուրիոյ հայութեան զօրակցութեան միացեալ մարմինը կազմուած է Օգոստոս 2012ին, հետեւեալ անդամներով՝ Հայց. առաքելական եկեղեցւոյ ԱՄՆի Արեւմտեան թեմ, Հայց. եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմ, Հիւսիսային Ամերիկայի Հայ աւետարանական եկեղեցիներու միութիւն, Հիւսիսային Ամերիկայի Հայ կաթողիկէ թեմ, Ամերիկայի Հայ աւետարանչական ընկերակցութիւն, Հայ Բարեգործական Ընդհանուր Միութիւն, Հայ Օգնութեան Միութեան ԱՄՆի Արեւմտեան շրջան, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն, Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւն եւ Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութիւն: