Աղբիւր՝ www.armenianorthodoxchurch.org

 

25-30 Յունուար 2015, Հռոմի մէջ, գումարուեցաւ Կաթոլիկ Եկեղեցի-Արեւելեան Ուղղափառ Եկեղեցիներ Աստուածաբանական Երկխօսութեան 12-րդ ժողովը։

Հայ Եկեղեցին իր զոյգ Կաթողիկոսական Ս. Աթոռներով մասնակցեցաւ այս ժողովին։ Ս. Էջմիածնի Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութիւնը ներկայացուցին Գերշ. Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան եւ Հոգշ. Տ. Շահէ Վրդ. Անանեան։ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը ներկայացուցին Գերշ. Տ. Նարեկ Արք. Ալեէմէզեան եւ Գերշ. Տ. Մակար Եպս. Աշգարեան։ Գերշ. Տ. Յովակիմ Եպս. Մանուկեան որպէս դէտ ներկայ գտնուեցաւ ժողովին։

Կիրակի, 25 Յունուարի երեկոյեան ժամը 5.30-ին, Ս. Պօղոս Տաճարին մէջ, քրիստոնեաներու միութեան աղօթքի շաբթուան փակման աղօթքին առթիւ, ժողովականներ աղօթակից դարձան Ն.Ս. Ֆրանսիս Քահանայապետին։

Երկուշաբթի, 26 Յունուարին, եկեղեցական երկու ընտանիքները առանձին հանդիպում ունեցան եւ քննարկեցին իրենց ընտանիքներուն վերաբերեալ հարցեր։

Երեքշաբթի-Ուրբաթ, 27-30 Յունուար, աստուածաբանական երկխօսութեան նիստերը տեղի ունեցան։ Ժողովականները նախ վաւերացուցին «Եկեղեցական հաղորդութիւնը նախնական եկեղեցւոյ մէջ եւ անոր թելադրականութիւնը այսօր» զեկոյցը եւ ապա սկսան քննարկել «Եկեղեցւոյ խորհուրդներու պատմական հոլովոյթն ու աստուածաբանութիւնը» ընդհանուր նիւթը եւ կեդրոնացան սուրբ մկրտութեան ու դրոշմի խորհուրդներուն վրայ։ Իւրաքանչիւր եկեղեցական ընտանիք դասախօսութիւններով իր տեսակէտը պարզեց նիւթին շուրջ եւ ապա ընդհանուր քննարկում կատարուեցաւ։

Ուրբաթ, 30 Յունուարի առաւօտեան ժամը 11.00-ին, Ն.Ս. Ֆրանսիս Քահանայապետը ընդունեց ժողովականները եւ իր եղբայրական ողջոյնը յղեց Արեւելեան Ուղղափառ Եկեղեցիներու վեց կաթողիկոսներուն եւ պատրիարքներուն։

Աստուածաբանական երկխօսութեան 13-րդ ժողովը պիտի գումարուի 30 Յունուարէն 6 Փետրուար 2016-ին, Գահիրէի մէջ, Ղպտի Ուղղափառ Եկեղեցւոյ հիւրընկալութեամբ։