Աղբիւր՝ www.yerakouyn.com

 

Ջաւախահայերը զանգուածաբար կը զրկուին Վրաստանի քաղաքացիութենէն երկրորդ` Հայաստանի կամ Ռուսիոյ քաղաքացիութիւն ունենալու պատճառով:

Ինչպէս կը փոխանցէ «Մետիամաքս»-ը, այդ մասին յայտնած է թիֆլիսեան «Ռեզոնանսի» թերթը:

«Բազմազգ Վրաստան» կազմակերպութեան ղեկավար Առնոլտ Ստեփանեանը թերթին հաստատած է, որ վերջին 5 ամիսներու ընթացքին այդ գործընթացը ազդած է «երկուքէն երեք հազար Հ.Հ.-ի քաղաքացիներու վրայ»:

Անոր խօսքով` ատիկա շատ կը բարդացնէ մարդոց կեանքը, քանի որ Վրաստանի քաղաքացիութիւնը կորսնցնելու պարագային անոնք չեն կրնար Վրաստան գտնուիլ աւելի քան 90 օր շարունակ:

Ի դէպ, ինչպէս նշած է Առնոլտ Ստեփանեանը, վերջին շրջանին տեղի իշխանութիւնները սկսած են հաշուի առնել յառաջացած խնդիրները եւ աւելի հեշտութեամբ ժամանակաւոր կեցութեան թոյլտւութիւն կը տրամադրեն անոնց, որոնք արդէն զրկուած են Վրաստանի քաղաքացիութենէն: Ան նշած է, որ Ջաւախքի մէջ բնակող հայերուն Վրաստանի քաղաքացիութենէն զրկելը «լրացուցիչ վտանգներ» կը յառաջացնէ տարածաշրջանին մէջ:

«Գործ ունինք իշխանութիւններու մէջ ոչ արհեստավարժութեան կամ խափանարարութեան հետ»,-  ըսած է Առնոլտ Ստեփանեանը:

Մինչդեռ Վրաստանի արդարադատութեան նախարարութենէն թերթին ըսած են, որ հայերուն քաղաքացիութենէն զանգուածային զրկելու մասին լուրերը չեն համապատասխաներ իրականութեան:

Սակայն «Ազատ Վրաստան» կուսակցութեան ղեկավար Կախա Կուկաւան, որ ուսումնասիրած է հարցը, հաստատած է «Ռեզոնանսի»-ին տուած լուրը, որ ջաւախահայերուն զանգուածաբար կը զրկեն Վրաստանի քաղաքացիութենէն: Ան ըսած է, որ այդ մասին տեղեակ պահած է Վրաստանի կեդրոնական իշխանութիւններուն, սակայն անոնք դեռ չեն արձագանգած:

«Ասիկա նուրբ հարց է, որուն պէտք է զգուշութեամբ մօտենալ: Պէտք է բացատրական աշխատանքներ տանիլ բնակչութեան հետ, ըսել անոնց, որ իրենք պէտք է ինքնուրոյն ընտրեն, որ երկրի քաղաքացիութիւն ունենան, որպէսզի յետագային խուսափինք սադրանքներ»,- կարծիք յայտնած է քաղաքագէտ Սոսօ Ցինցաձէն: