Աղբիւր՝ www.asbarez.com

 

«Իսլամական պետութիւն» ահաբեկչական կազմակերպութեան զինեալները հիւսիսային Իրաք գտնուող Մուսուլ քաղաքի հայկական եկեղեցին հրկիզած են։ Հրկիզուածը հայկական նոր եկեղեցին է, իսկ հին եկեղեցին տակաւին կանգուն կը մնայ:

Լուրը հաստատուած է Իրաքի Հայոց թեմին կողմէ: Աղբիւրը նաեւ տեղեկացուցած է, որ նոր կառուցուած հայկական այս եկեղեցին, երկու տարի առաջ, դեռ չբացուած՝ թալանուած եւ պայթեցուած էր:

«Իսլամական պետութիւն»ը 2014ի Յուլիսին Մուսուլը գրաւեց եւ իբրեւ հետեւանք՝ քաղաքի հայերն ու քրիստոնեաները փախուստի դիմեցին դէպի ապահով շրջաններ։