Աղբիւր՝ www.yerakouyn.com
Ուրբաթ 23 Յունուար 2015-ի յետմիջօրէին զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումներու կողմէ արձակուած հրթիռ մը ինկաւ Հալէպի Թիլել փողոցը, Հայ Կաթողիկէ Համայնքի Առաջնորդարանին եւ անոր կողքին գտնուող Հայ Կաթողիկէ Աթոռանիստ Եկեղեցւոյ մօտ, որուն հետեւանքով վնասուեցան շրջանի շէնքերը ՝ բնակարաններ, խանութներ ու ինքնաշարժներ։ Այս մասին կը հաղորդէ «Բերիոյ նիւզ»-ը:
Նշենք, թէ 9 Յունուար 2015-ի յետմիջօրէի զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումներու կողմէ կրկին հրթիռակոծուած էր նոյն վերոնշեալ շրջանը եւ թիրախ դարձած Հալէպի հայ կաթողիկէ համայնքի առաջնորդարանին կից գտնուող Սրբուհի Ռիթա եկեղեցին, որուն իբրեւ հետեւանք եկեղեցւոյ կառոյցը մասամբ քանդուած էր: