Աղբիւր՝ www.yerakouyn.com
Երեքշաբթի, 13 Յունուար 2015-ին, կէսօրուան ժամերուն Սիւլէյմանիէ շրջանի հայաբնակ Ալքալլաս թաղամասին մէջ հայու մը բնակարանը ելեկտրականութեան հոսանքի հետեւանքով հրդեհ առաւ: Այս մասին կը հաղորդէ “Բերիոյ նիւզ”-ը:
Շրջանի հայ երիտասարդները փութացին մարել կրակը մինչեւ հրշէջի մեքենաներու ժամանումը:
Մինչեւ հրշէջներու ժամանումը, բնակարանը գտնուող երէց տիկին մը երիտասարդներու բծախնդիր աշխատանքով դուրս բերուեցաւ:
Դէպքին վայր հասան հրշէջի մեքենաները, որոնք կրցան բռնկած հրդեհը շիջանել:
Այս բոլորէն մնացին ածխացած բնակարան մը, մխիթարանքը այն է, որ մարդկային վնասներ չարձանագրուեցան: