Աղբիւր՝ www.asbarez.com
ԵՐԵՒԱՆ, “1in. am”.– Սիրիայի Հալէպ քաղաքը վերջին օրերին ամբողջութեամբ շրջապատւած է, այս անգամ՝ ազգային պետական բանակի կողմից, որը օղակը փակել է քաղաքի շուրջը, եւ զինեալ ընդդիմադիրները մնացել են քաղաքում: Այս մասին “1in. am”-ին յայտնել է Հալէպի Հայ աւետարանական համայնքի համայնքապետ, վերապատւելի Յարութիւն Սելիմեանը:
“Քաղաքին մէջ մնացած մեծ թիւով զինեալ ընդդիմադիրները ռմբակոծեցին ու հրթիռներ արձակեցին խաղաղ բնակչութեան վրայ: Սուրիոյ օրինական բանակը քաղաք չէ մտած, անիկա դուրսը կանգնած է, այդ պատճառով ալ քաղաքին մէջ քանի մը օրէ ի վեր ցոյցեր տեղի կ՛ունենան. անոր մասնակիցները կը պահանջեն, որ բանակը նաեւ քաղաքին մէջ պաշտպանէ բնակչութիւնը, որովհետեւ շրջափակման մէջ յայտնուած զինեալ խմբաւորումները ժողովուրդին կը վնասեն ու կը սպաննեն զայն”, ընդգծել է Սելիմեանը:
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ ի՞նչպէս է սիրիահայութեան, մասնաւորապէս հալէպահայութեան վիճակը՝ վեր. Սելիմեանը յայտնել է, որ իրականութեան մէջ վիճակը բաւական վատ է, ժողովուրդը սարսափի մէջ է: “Անկէ զատ, Սուրիան տնտեսական մեծ պատիժներ կը կրէ, Ռուսիոյ դէմ ուղղուած պատժամիջոցներն ալ նկատի ունենալով՝ տոլարի փոխարժէքը այստեղ բաւական բարձրացաւ, իբրեւ հետեւանք գնողական արժէք ունեցող ապրանքներն ու սնունդը շատ սղեցան: Այս առումով վերջին շրջանին սկսաւ քաղաքէն գաղթ, որ հայ ժողովուրդի պարագային քիչ մը աւելի զգալի է, յատկապէս նաեւ այն պատճառով, որ բանակը պահեստազօրի զինուորները ներգրաւելու օրէնք հրապարակած է: Այն երիտասարդները, որոնք իրենց զինուորական ծառայութիւնը կատարած էին, հիմա մինչեւ 42 տարեկան տակաւին ենթակայ են բանակ զօրակոչման: Այս դժուարութիւնը կը ստիպէ ընտանիքները, որոնք այդ տարիքի տղամարդիկ ունին, գաղթելու ու հեռանալու Հալէպէն”, յայտնել է վերապատւելին:
Անդրադառնալով Հալէպում մնացած հայութեան թւին՝ Յարութիւն Սելիմեանը նշել է, որ հաշւի առնելով սիրիահայերին օժանդակութիւնների բաշխման թւերը՝ ներկայ դրութեամբ Հալէպի մէջ կայ 12 հազար հայ: “Եթէ բանակի նոր օրէնքը սկսի գործելու, հայութեան թիւը աւելի եւս պիտի նուազի: Այդ տարիքի տղաներ ունեցող ընտանիքները պիտի չուզեն մնալ Հալէպի մէջ եւ պիտի գաղթեն”, աւելացրել է նա:
Սիրիահայութեան ընկերային վիճակի մասին խօսելով՝ վեր. Սելիմեանը ընդգծել է, որ այսօր Հալէպում ընդհանրապէս աշխատանք չկայ, որպէսզի մարդիկ կարողանան վաստակ ունենալ եւ պահել իրենց ընտանիքներին: “Ժողովուրդը միայն սպասման վիճակի մէջ է, որովհետեւ քաղաքը ամբողջութեամբ շրջափակման մէջ է: Ոչ մէկ արարած կրնայ քաղաք մտնել կամ քաղաքէն դուրս գալ: Բացի ատկէ, Հալէպ-Դամասկոս միջազգային ուղիին վրայ ընդդիմադիր զինեալները գրաւած են գիւղաքաղաք մը, եւ ատիկա սպառնալիք է անցորդներուն համար: Այն մարդիկ, որոնք կը փորձեն այդ ճամբով հեռանալ քաղաքէն, մեծ դժուարութիւներ պիտի ունենան: Այսինքն՝ հիմա հալէպահայութիւնը նոյնիսկ Հայաստան չի կրնար երթալ, որովհետեւ եթէ որեւէ ընտանիքի մէջ 18-42 տարեկան տղամարդ կայ, ան չի կրնար քաղաքը լքել”, տեղեկացրել է Յարութիւն Սելիմեանը: