Աղբիւր՝ www.asbarez.com
«Կեթի» հետազօտական հիմնարկը թուայնացուցած է օսմանեան ժամանակաշրջանի առաւել քան 6000 լուսանկարներ, որոնք մաս կը կազմեն ֆրանսացի Փիեռ Տը Կիկորտի հաւաքածոյին: «Կեթի»ն նշեալ լուսանկարները զետեղած է առցանց՝ մատչելի դարձնելով զանոնք ժամանակաշրջանը ուսումնասիրող մասնագէտներու:
Հաւաքածոն կ՛ընդգրկէ պատմական նշանակութեամբ ճարտարապետական կոթողներու, քաղաքային եւ գիւղական տեսարաններու, հնավայրերու լուսանկարներ, սահիկներ եւ փաստաթուղթեր:
Թուայնացման ծրագիրը կեդրոնացած է 19րդ դարէն մինչեւ առաջին Համաշխարհային պատերազմի աւարտի ժամանակամրջանին վրայ: Նկարներուն մէջ կարեւոր տեղ կը գրաւեն գերմանացի զինուորականի մը (անունը տակաւին անյայտ է) լուսանկարները՝ նուիրուած «սիրելի Փոլինին»: Այս լուսանկարները կը պատկերեն գերմանական բանակին՝ Թուրքիոյ մէջ ներկայութենէն դրուագներ, Հայոց Ցեղասպանութեան ժամանակաշրջանին: