Աղբիւր՝ www.asbarez.com
ՊՈԼԻՍ, «Ահվալ».- Թուրքիոյ քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան երեսփոխաններէն Կարօ Փայլան, Ուրբաթ, Ապրիլ 20ին Թուրքիոյ խորհրդարանին ներկայացուցած է Հայոց Ցեղասպանութիւնը պաշտօնապէս ճանչնալ պահանջող բանաձեւ մը, ուր նաեւ կը շեշտուի, թէ Ապրիլ 24ը պէտք է Ցեղասպանութիւնը պաշտօնապէս ոգեկոչելու օր հանդիսանայ։
Միաժամանակ, Փայլան կը պահանջէ փոփոխութեան ենթարկել քաղաքացիութեան օրէնքը, որպէսզի կարելի ըլլայ քաղաքացիութիւն շնորհել Հայոց Ցեղասպանութեան ընթացքին զոհուածներու եւ տեղահանուածներու շառաւիղներուն։
Նաեւ, բանաձեւին մէջ կը շեշտուի, թէ պէտք է հանրային վայրերէ վերցուին անունները բոլոր անոնց, որոնք պատասխանատու էին Հայոց Ցեղասպանութեան ծրագիրի գործադրութեան։
Բանաձեւին մէջ Փայլան կը բացատրէ, թէ 1914ին կատարուած մարդահամարին տուեալներով՝ մօտաւորապէս երկու միլիոն հայեր կ՛ապրէին Օսմանեան կայսրութեան մէջ, սակայն այդ թիւը զգալիօրէն նուազած է Ապրիլ 24ին, Պոլսոյ մէջ տեղի ունեցած մօտաւորապէս 250 հայ մտաւորականներու ձերբակալութեամբ եւ դէպի մահ տարագրութեամբ սկսած Ցեղասպանութեան իբրեւ հետեւանք։
Յիշեցնենք, որ անցեալ տարի, Փայլան պատժուած էր եւ կորսնցուցած խորհրդարանական երեք նիստերու մասնակցելու իրաւունքը, Հայոց Ցեղասպանութեան մասին խորհրդարանին մէջ արտայայտուելուն պատճառով։ Այդ պատիժը սահմանուած էր Թուրքիոյ իշխող՝ կրօնամէտ Արդարութիւն եւ բարգաւաճում, ինչպէս նաեւ ազգայնամոլ Ազգային շարժում կուսակցութիւններուն ջանքերով վաւերացուած եւ Ցեղասպանութեան մասին խորհրդարանին մէջ արտայայտուիլը արգիլող նոր օրէնքի մը պայմաններուն հիման վրայ։
Նախապէս, Փայլան խորհրդարանին մէջ արտայայտուած էր Ցեղասպանութեան եւ յատկապէս անոր ընթացքին սպաննուած մտաւորականներուն մասին՝ առանց պատիժ կրելու։