Աղբիւր՝ www.asbarez.com
ՄՈՆԹՐԷԱԼ, «Հորիզոն».- Թուրքիոյ բնակչութեան հարցերու վարչութեան պաշտօնական արխիւներուն մէջ, Հայոց Ցեղասպանութեան տարիներուն սպանւած հայերը՝ կա՛մ դեռ «ողջ» են, կա՛մ «կը փնտռւին իբրեւ անյայտ կորսւածներ»: Նման տեղեկութիւն յայտնաբերւած է՝ Թուրքիոյ հանրային ծառայութիւններու կայքէն քաղաքացիներու տոհմածառերը ուսումնասիրելու կարելիութիւն ընծայող նոր ծառայութեան մը ստուգումէն ետք:
Արդարեւ, նշեալ ծառայութենէն օգտուած կարգ մը «թուրք» ազգայնամոլներ նոյնիսկ զարմացած են, երբ յայտնաբերած են, որ իրենք թրքութեան հետ կապ չունին:
Իսկ հայերու պարագային, անոնք, որոնք փորձած են նշեալ ծառայութիւնը օգտագործել իրենց հայկական ազգանունները բացայայտելու կամ իրենց բռնի իսլամացուած պապերուն հայկական անունները իմանալու նպատակով, բախած են մէկ այլ ապշեցնող «իրականութեան» մը… Պոլսահայ Նատիա Ոյկուն կը հաստատէ, որ իր հարցումին ի պատասխան, ստացած է իր նախնիներուն «ողջ» ըլլալու մասին նիւթեր: Օրինակ, իր մեծ-մեծ հայրերէն՝ 1847ին Սեբաստիա ծնած Սարգիս Այվա Կեմերեքի անւան դիմաց գրւած է. «Ամուսնացած եւ ողջ է», իսկ մօր կողմէ մեծ հօր մօր՝ Թրվանտա Քիպրիթը, որ ծնած 1849ին, նոյնպէս «ողջ» կը համարւի:
Նաեւ, մեծ թիւով հայեր չեն կրցած գտնել իրենց հայկական ազգանունները, եւ նոյնիսկ 1800ականներու փաստաթուղթերուն մէջ համակարգը ցոյց տւած է անոնց «թրքացւած» ազգանունները, այսինքն՝ 1934ին Թուրքիոյ կառավարութեան կողմէ բոլոր քաղաքացիներուն տրւած թրքական ազգանունները: