Աղբիւր՝ www.yerakouyn.com
Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի ջանքերուն շնորհիւ՝ Հայաստան տեղափոխւած է եւ թանգարանին նւիրաբերւած Հայոց Ցեղասպանութիւնը վերապրած ամերիկաբնակ հայ գերդաստանի ընտանեկան արխիւը: Այս մասին կը տեղեկացնեն Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկէն:
Ամերիկաբնակ Սուսան Սոլաքեանը Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկին յանձնած է իր մեծ ընտանիքին մեծ պատմութիւնը՝ յուշագրութիւններ, փաստաթուղթեր, լուսանկարներ: Ան վստահ է, որ իրենց ընտանեկան մասունքները յայտնւած են հոգատար ձեռքերու մէջ, իսկ նպատակն է՝ սերունդներուն փոխանցել ամենակարեւորը՝ յիշողութիւնը:
Ծնունդով Մեզրէէն (Խարբերդի նահանգ) Թոմաս եւ Էսթեր Մկրտիչեաններու ընտանեկան աւելի քան մէկ դարեայ պատմութիւնը՝ իրենց պատմական հայրենիքէն բռնագաղթւելէն մինչեւ Միացեալ Նահանգներու մէջ բնակութիւնը հաստատելը, հարուստ է պատմագրական ճշգրիտ տեղեկութիւններով, ինչպէս նաեւ պարզապէս մարդկային կորուստի ծանրագոյն դրսեւորումներով:
Ընտանեկան արխիւային նիւթերը կարեւոր սկզբնաղբիւր են Խարբերդի հայերու տեղահանութեան, կոտորածներու՝ մասնաւորապէս գերմանացի պաշտօնեաներու՝ թուրքերու մեղսակիցը եւ աջակիցը ըլլալու, հայ մտաւորականութեան դաժան սպանութեան, կիրառւած բռնութեան, ինչպէս նաեւ գաղթականներու դրութեան մասին:
Նիւթերը մանրամասն պիտի ուսումնասիրւին Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի գիտաշխատողներուն կողմէ եւ պիտի ներկայացւին հանրութեան: