Աղբիւր՝ www.yerakouyn.com
Տիգրան Մանսուրեանի Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերուն նուիրուած «Ռեքուիեմ» ստեղծագործութիւնը արժանացած է Դասական երաժշտութեան միջազգային մրցոյթի գլխաւոր մրցանակին «Ժամանակակից երաժշտութիւն» դասակարգին մէջ:
Մրցոյթը տեղի ունեցած է Յունուար 18-էն 20 Լիւքսեմպուրկի մէջ:
Ըստ «Արմենփրես»-ի՝ այս իրադարձութեան հետ կապուած Տիգրան Մանսուրեան ըսած է, որ խորապէս յուզուած է մրցոյթի կազմակերպիչներու` իր երկի նկատմամբ ցուցաբերած վերաբերմունքէն եւ շնորհակալ:
«Ռեքուիեմ»-ը ներկայացուած է նաեւ Յունուար 28-ին կայանալիք «Կրեմմի» 60-րդ յոբելեանական մրցանակաբաշխութեան «Լաւագոյն երգչախմբային ներկայացում» եւ «Լաւագոյն ժամանակակից դասական ստեղծագործութիւն» անուանակարգերուն մէջ: Խօսելով «Կրեմմի»-ի մասին` Մանսուրեան ըսած է, որ, անշուշտ, կը սպասէ այդ կարեւորագոյն մրցանակաբաշխութեան: «Եթէ մրցանակի արժանանամ, կը կարծեմ` բոլորս ալ ուրախ կ՛ըլլանք, եթէ ոչ, Դասական երաժշտութեան միջազգային մրցանակը կայ ու կայ»,- կատակով ըսած է երաժիշտը:
Դասական երաժշտութեան եւրոպական միջազգային մրցանակաբաշխութիւնը սկսած է տեղի ունենալ 2011-ի Ապրիլ 6-էն Քաննի մէջ: Դատական կազմը բաղկացած է տարբեր երաժշտական հեղինակաւոր ամսագիրներու երաժշտութեան քննադատներէ: