Աղբիւր՝ www.asbarez.com
ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- «Սապահ»ի մէջ հրատարակուած լուրի մը համաձայն, Պելճիքայի Ընկերվարական կուսակցութենէն թուրք երեսփոխան Շեւքեթ Թեմիզ իր կուսակցութեան կողմէ իբրեւ թեկնածու ներկայացած էր Պելճիքայի կարեւոր հիւանդանոցներէն մէկուն վարչական ժողովի նախագահութեան պաշտօնին, բայց երկրին հայկական եւ ասորի լոպիներուն կողմէ դրուած ճնշումին իբրեւ հետեւանք՝ ան ստիպուած եղած է ետ քաշելու իր թեկնածութիւնը։
Արդարեւ, երբ հրապարակուած է, թէ Թեմիզ թեկնածու է այս պաշտօնին, ցեղասպանութիւններու ժխտումի դէմ պայքարի ընկերակցութիւն մը դիմում կատարած է Պրիւքսէլի կուսակալութեան՝ պնդելով, որ Թեմիզի ընտրութիւնը մարդկային արժէքներու ներհակ պիտի ըլլայ եւ ազդարարելով Թեմիզին դէմ ցոյցեր կազմակերպել, եթէ ան առանց նախապայմանի չընդունի Հայոց Ցեղասպանութեան իրողութիւնը։
Թեմիզ իր կարգին ըսած է, թէ իրմէ պահանջուած է հանրային կարծիքին առջեւ առանց առարկութեան ընդունիլ «հայկական պնդումները», ինչին իբրեւ հետեւանք՝ նախընտրած է հրաժարիլ թեկնածութենէն։