Աղբիւր՝ www.armenianorthodoxchurch.org
Երկուշաբթի, 24 Ապրիլ 2017-ի առաւօտուն, մասնակցութեամբ մեր ժողովուրդի զաւակներու խուռներամ բազմութեան, Անթիլիասի Մայրավանքէն ներս հանդիսաւորապէս նշուեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան 102-ամեակը: Այս առիթով Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ մատուցեց Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Շահէ Եպս. Փանոսեան:
Յաւարտ Սուրբ Պատարագին, նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, հայրապետական թափօրը ուղղուեցաւ դէպի Ապրիլեան Նահատակներու յիշատակին բարձրացած աշխարհի առաջին յուշակոթողին դիմաց, բարձրացնելու հայու պահանջատէր ձայնը: Հաւաքին ներկայ գտնուեցան նաեւ պետական նախարարներ ու երեսփոխաններ, Լիբանանի հայկական երեք կուսակցութիւններ եւ զանազան հայ թէ օտար միութիւններու ու կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ:
Պահանջատէր ու Հայոց Ցեղասպանութեան նահատակներու յիշատակին հաւատարիմ հայորդիներուն ուղղելով իր խօսքը Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդգծեց Ապրիլ 24-ի կարեւորութիւնը՝ ըսելով. «Հայ ժողովուրդին համար ամէն օր Ապրիլ 24 է. այլ խօսքով՝ պահանջատիրութեան օր»: Նորին Սրբութիւնը խօսելով Հայոց Ցեղասպանութեան մասին, իր պատգամին մէջ յիշեցուց 100-ամեակի Համազգային Հռչակագիրին կարեւորութիւնը՝ որպէս պահանջատիրական պայքարի ուխտի վերանորոգում:
Արամ Ա. Կաթողիկոս իր պատգամին մէջ կարեւորութեամբ շեշտեց.-
Ա) «Եւրոպան միշտ ի նպաստ եղած է հայ դատին, որովհետեւ ան մօտէն ծանօթ է հայ ժողովուրդի ցեղասպանութեան ու բռնաբարուած իրաւունքներուն։ Հետեւաբար, կը սպասենք որ Եւրոպան զանազան առիթներով զինք պախարակող Թուրքիոյ նկատմամբ աւելի քաջ կեցուածք ունենայ»։
Բ) «Ընդհանրապէս իսլամական ու յատկապէս արաբական երկիրներէն ներս Թուրքիոյ հետզհետէ աճող ներկայութիւնը լուրջ հետեւանքներ կրնայ ունենալ Միջին Արեւելքէն ներս, բնականաբար նաեւ հայ դատի գծով։ Հետեւաբար, հարկ է շարունակել մեր աշխատանքները՝ արաբական ու իսլամական երկիրներու պատասխանատուներու ուշադրութեան յանձնելով Թուրքիոյ հետապնդած փանթուրանական նպատակները»։
Գ) «Անհրաժեշտ է մեր ժողովուրդի իրաւունքներուն նկատմամբ համակրութիւն ցոյց տուող Թուրքիոյ մտաւորական շրջանակներուն հետ կապեր հաստատել, ինչպէս նաեւ իսլամացած հայերուն հետ գործակցութեան ուղիներ որոնել»։
Դ) «Իրաւական մարզ մուտքը, Ցեղասպանութեան ճանաչման առընթեր, կը նկատենք հրամայական։ Այս ծիրէն ներս մասնագիտական մօտեցումով եկեղեցապատկան կալուածներու թղթածրարի պատրաստութիւնը, ինչպէս նաեւ մեր կորսնցուցած ինչքերու նիւթական արժեւորումը համահայկական տարողութեամբ անյետաձգելի անհրաժեշտութիւն է։ Նաեւ աշխատանք պէտք է տարուի զանազան ենթայանձնախումբերու ճամբով մուտք գործելու Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութենէն ներս»։
Վեհափառ Հայրապետը նաեւ յիշեց, որ Սիսի Կաթողիկոսարանի վերադարձի Դատին գծով լուրջ դժուարութիւններ յարուցած է Թուրքիան՝ հեռու պահելով փաստաբանները անհրաժեշտ աշխատանքներ կատարելու, ինչպէս նաեւ իրաւական յանձնախումբի թուրք փաստաբաններէն մէկը բանտարկելով։ «Հակառակ այս իրողութեան իրաւական գործընթացը պիտի շարունակենք» շեշտեց Վեհափառ Հայրապետը։ Միաժամանակ Նորին Սրբութիւնը յոյս յայտնեց, որ այժմ Եւրոպայի Մարդկային Իրաւանց Դատարանի սեղանին վրայ գտնուող Սիսի Կաթողիկոսարանի վերադարձի Դատին գծով Եւրոպան Պիղատոսեան մօտեցում չ՚որդեգրէ։
Նորին Սրբութիւնը իր խօսքը եզրակացուց՝ ըսելով. «Հայոց Ցեղասպանութենէն 102 տարիներ ետք մեր պահանջատիրական երթը կը շարունակուի, պէտք է շարունակուի առաւել հաւատքով ու վճռակամութեամբ»: