Աղբիւր՝ www.yerakouyn.com
Վրաստանի մէջ գործող հայկական պետական եւ հասարակական կազմակերպութիւնները դիմած են երկրի խորհրդարանին, նախագահին եւ վարչապետին` պահանջով, որպէսզի Վրաստանի Մէջ սկսի 1915-1923 թուականներու Հայ ժողովուրդի ցեղասպանութեան ճանաչման պաշտօնական քննարկումը:
Վրաստանի հայ համայնքի մամուլի դիւանէն կը յայտնեն, որ յայտարարութեան մէջ ըսուած է.
«1915-1923 թուականերուն կատարուած յանցագործութեան հետեւանքով հայ ժողովուրդը կորսնցուց աւելի քան 2 000 000 իր որդիներն ու դուստրերը, իսկ Հայաստանի մեծ մասը գրաւուեցաւ հայ ժողովուրդի կոտորածը իրականացուցած թրքական պետութեան կողմէ: 1915-23թթ. Թուրքիոյ կողմէ կատարուած յանցագործութիւնը կը համարուի Ցեղասպանութիւն` յանցագործութիւն մարդկայնութեան դէմ:
«Դեռ 1915-ի Մայիսին Մեծ Բրիտանիան, Ֆրանսան եւ Ռուսիան համատեղ ներկայացան յայտարարութեամբ, որուն տակ ստորագրած ուժերը Թուրքիոյ յանցագործ գործողութիւնները կը բնութագրեն իբրեւ «նոր յանցագործութիւն մարդկայնութեան եւ քաղաքակրթութեան դէմ»: Հայ ժողովուրդի ոտնահարուած իրաւունքներու վերականգնման` հատուցման հարցը քննարկուած է նաեւ 1919-ին Փարիզի հաշտութեան համաժողովին։
«Մենք` Վրաստանի մէջ գործող հայկական պետական եւ հասարակական ներքոստորագրեալ կազմակերպութիւններս, յանուն արդարութեան եւ ժողովրդավարական արժէքներու, կոչ կ՛ուղղենք` միանալու համաշխարհային քաղաքակիրթ հանրութեան, յարգելու Վրաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիներու կամքը եւ Վրաստանի խորհրդարանին մէջ նախաձեռնելու Օսմանեան կայսրութեան տարածքին մէջ հայ ժողովուրդի Ցեղասպանութեան փաստի ճանաչման հարցի քննարկումը»:
Յիշեցնէք, որ Վրաստանի մէջ գործող հայկական կազմակերպութիւնները արդէն 12-րդ անգամ կը դիմեն երկրի իշխանութեան 1915-23 թուականներու Ցեղասպանութեան փաստի` Վրաստանի կողմէ պաշտօնական ճանաչման խնդրանքով: Մինչդեռ, հակառակ բազում դիմումներուն, Վրաստանի իշխանութիւնը ամէն կերպով կ՛անտեսէ երկրի բնակչութեան ընդհանուր քանակի աւելի քան 6% կազմող իր քաղաքացիներուն կամքը:
Ցեղասպանութեան ճանչման հարցի քննարկումներուն Վրաստանի մէջ սկսելու կոչով խորհրդարանին ուղղուած դիմումը ստորագրած են Վրաստանի հայ համայնքը, Վիրահայոց թեմի «Հայարտուն» մշակութա-լուսաւորչական կեդրոնը, Պ. Ադամեանի անուամբ Թիֆլիսի պետական Հայկական դրամատիկական թատրոնը, «Վրաստան» թերթը` Վիրահայերու միութիւն, «Խաղախութեան հիմնադրամ»ը, Սամուէլ Պետրոսեանը, Սամցխէ-ջաւախքի եւ Քուեմօ Քարթլիի հայկական հասարակական կազմակերպութիւններու խորհուրդը, Ախալցխայի երիտասարդական կեդրոնը եւ այլ: