Աղբիւր՝ www.asbarez.com
ՍԱՆԹԱ ԱՆԱ.- Օրենճ Քաունթիի վերահսկիչներու խորհուրդը հռչակագիր մը հրապարակած է՝ Ապրիլ 24ը Հայոց Ցեղասպանութեան Յիշատակման օր հռչակելով ամբողջ գաւառի տարածքին։
Նիստին ներկայ եղած են շրջանի հայ համայնքի ներկայացուցիչներ, ներառեալ՝ Ս. Աստուածածին եւ Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցիներու հոգեւոր հայրերը, որոնք ելոյթներ ունեցած են նիստին ընթացքին։
Վերահսկիչներու խորհուրդի ատենապետ Միշել Սթիլ նիստին բացումը կատարած է՝ յայտարարելով, որ այս տարի 102րդ ամեակն է Հայոց Ցեղասպանութեան, որուն ընթացքին աւելի քան 1.5 միլիոն հայեր սպաննուեցան իրենց հայրենի հողին վրայ։
Իր կարգին, Օրենճ Քաունթիի Գերագոյն ատեանի դատաւորներէն Կասիա Աբգարեան ներկաներուն բաժնեց Հայաստանի եւ Միացեալ Նահանգներու դրօշակները կրող լամբակի ասեղներ, միաժամանակ շնորհակալութիւն յայտնելով վերահսկիչներու խորհուրդին, որ պատմական իրականութիւնները կը հաստատէ եւ տեղի չի տար ճշմարտութիւնները ուրանալու նպատակով բանեցուող ճնշումներուն։
Հռչակագիրին ի նպաստ ելոյթներ ունեցած են քոնկրեսական Տանա Ռոհրպախըրի ներկայացուցիչ Տէյվիտ Կոնզալես եւ Օրենճ Քաունթիի Հայ Դատի յանձնախումբի անդամ Անահիտ Առաքելեան, որ նաեւ տեղեկութիւններ փոխանցեց Ցեղասպանութենէն վերապրած իր մեծ հօր եւ մեծ մօր ոդիսականներուն մասին։ Ան նաեւ կոչ ըրաւ ներկաներուն, որ անպայման դիտեն Ցեղասպանութեան նուիրուած «Խոստումը» ֆիմը, որ Ապրիլ 21ին ցուցադրուելու պիտի սկսի Միացեալ Նահանգներու տարածքին, ապա խօսեցաւ Արցախի ներկայ դրութեան մասին։