Աղբիւր՝ www.asbarez.com
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Պրազիլի Սաօ Փաուլօ նահանգին մէջ գտնուող Սաօ Միկել Արքանժօ քաղաքը ճանչցած է Հայոց Ցեղասպանութիւնը:
Պրազիլէն Սարգիս Գարամեքեան կը յայտնէ, թէ քաղաքապետական խորհուրդը Մարտ 21ին վաւերացուցած է բանաձեւ մը, Հայոց Ցեղասպանութիւնը պաշտօնապէս ճանչնալու կապակցութեամբ։
«Դժբախտաբար, Պրազիլ ցարդ չէ ճանչցած Հայոց Ցեղասպանութիւնը՝ դաշնակցային օրէնքով: Մենք այդ ուղղութեամբ կը շարունակենք աշխատանք տանիլ։ Այժմ յաջողութիւնները քաղաքային մակարդակով են: Յառաջիկային եւս Պրազիլի տարբեր քաղաքներու կողմէ ճանաչումներ կ՛ա-կնկալուին», ըսած է Սարգիս Գարամեքեան: