Աղբիւր՝ www.yerakouyn.com
Պոլսոյ մէջ գործող «Արաս» հայկական հրատարակչութիւնը լոյս ընծայած է «Աւրորա» գիրքը, որ կը պատմէ Աւրորա (Արշալոյս) Մարտիկանեանի կեանքի մասին, որ վերածուած է Ցեղասպանութիւնը դիմակայած հայուհիի տոկունութեան ու մարդասիրութեան խորհրդանիշ:
Գիրքը արդէն տեղ գտած է «Արաս»-ի պաշտօնական կայքին մէջ, ուրկէ գնորդները կրնան զայն պատուիրել համացանցի միջոցով:
Աւրորա Մարտիկանեան ծնած է 1902-ին Արեւմտեան Հայաստանի Խարբերդ նահանգի` հայ վաճառականի ընտանիքի մը մէջ: Կոտորածի ժամանակ ծնողներն ու քրոյրեը կորսնցուցած 14-ամեայ Արշալոյսը` Հայոց ցեղասպանութեան ամենայայտնի ականատեսներէն մէկը, աւելի ուշ դարձաւ «Յօշոտուած Հայաստան. Աւրորա Մարտիկանեանի պատմութիւնը» գիրքին հեղինակն ու նկարահանուեցաւ գիրքին հիման վրայ ստեղծուած «Հոգիներու աճուրդ» ֆիլմին մէջ:
Արշալոյս Մարտիկանեան մահացած է 1994-ին` ԱՄՆ-ի Քալիֆորնիա նահանգին մէջ:
Նշենք, որ «Արաս» հրատարակչութիւնը հիմնադրուած է Պոլսոյ մէջ, 1993-ին: Հրատարակչութիւնը կարճ ժամանակի մէջ կրցած է շատերու համար դառնալ «պատուհան» դէպի հայկական գրականութիւն, քանի որ կը զբաղի հայ դասականներու, հայոց պատմութեան եւ Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ բազմաթիւ գիրքերու թրքերէն թարգմանութեամբ` հասանելի դարձնելով զանոնք թրքական հասարակութեան բոլոր խաւերուն:
Հրատարակչութիւնը ունի նաեւ արեւմտահայերէնով հրատարակուած գիրքեր: