Աղբիւր՝ www.asbarez.com
ՔՈՔԸՆԱԹ ՔՐԻՔ, Ֆլորիտա.- «Արմէնոյտ» ընկերութիւնը կը տեղեկացնէ, թէ մրցանակակիր բեմադրիչ Պարէտ Մարոնեանի «1915ի Կիներ» վաւերագրական շարժապատկերին բացումը (ope-ning scene), այդ դասակարգին մէջ թեկնածու դարձած է Սանքոսթ շրջանի «Էմի» մրցանակին։ Նշենք, որ «Ցեղասպանութեան Որբերը» վաւերագրական շարժապատկերի բեմադրիչ Մարոնեան նախապէս 4 շրջանային մրցանակներ խլած է։
Հայոց Ցեղասպանութեան կանանց նուիրուած «1915ի Կիներ» ֆիլմին անդրանիկ ցուցադրութիւնը տեղի ունեցաւ այս տարուան Յունիսին, Նիւ Ճըրզիի մէջ։
Ֆիլմը Նոյեմբեր 5ին (կ.ե. ժամը 3։30) պիտի ցուցադրուի Հոլիվուտի «Իճիփշըն» սրահին մէջ, «Արփա» շարժապատկերի փառատօնին ընթացքին։
Յաւելեալ տեղեկութեանց համար, դիմել contact Այս էլ-փոստի հասցեն ծածկագրված է թափոնափոստի բոթերից։ Այն տեսնելու համար անհրաժեշտ է միացնել JavaScript։ հասցէին կամ (954) 646-0944 թիւին։