Աղբիւր՝ www.asbarez.com
ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Պուլկարիոյ Վառնա քաղաքին մէջ կայացած է Պուլկարներու տիեզերական խորհուրդը ներկայացնող Պուլկարներու Տիեզերական խորհրդարանի 7րդ արտակարգ նիստը, որուն մասնակցած են Պուլկարիայէն ու զանազան երկիրներէ պատուիրակներ։
Այլ հարցերու կողքին, խորհրդարանը վաւերացուցած է Հայոց Ցեղասպանութիւնը պախարակող յայտարարութիւն մը, որուն մէջ շեշտուած է, թէ մարդկութեան դէմ գործուած այս ոճիրին զոհ գացած են 1.65 միլիոն հայեր, եւ թէ այդ ոճիրին պատասխանատուութիւնը ժամանցումի ենթակայ չէ։
Պատուիրակները պահանջած են նաեւ, որ Պուլկարիոյ խորհրդարանը նկատի առնէ այս հարցը եւ նման բանաձեւ մը վաւերացնէ։