Աղբիւր՝ www.asbarez.com
ՓԱՐԻԶ.- Ինչպէս հաղորդած էինք, Ֆրանսայի Ծերակոյտի յատուկ յանձնաժողով մը Սեպտեմբեր 13ին, զեկուցաբեր Ֆրանսուազ Կաթելի առաջարկին ընդառաջելով՝ «Հաւասարութիւն եւ քաղաքացիութիւն» օրինագիծէն զեղչած էր այն յօդուածը, որ կը նախատեսէր մարդկութեան դէմ ոճիրներու, ցեղասպանութիւններու, ի շարս որոնց՝ Հայոց Ցեղասպանութեան ուրացման քրէականացումը:
Ֆրանսայի «Նոր Յառաջ» թերթը կը հաղորդէ, որ Մըտոնի (Փարիզի մէկ շրջան) քաղաքապետ Հերվէ Մարսէյ այժմ Ծերակոյտին ներկայացուցած է նոր յաւելուած մը՝ նշեալ օրինագիծին համար: Այս յաւելուածը պատիժներ կը նախատեսէ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ուրացողներուն, զայն թերագնահատողներուն եւ հասարակացնել փորձողներուն համար:
Ֆրանսայի Ծերակոյտը Հոկտեմբեր 4, 5 եւ 6ին պիտի քննարկէ «Հաւասարութիւն եւ քաղաքացիութիւն» օրինագիծը: