Աղբիւր՝ www.aztagdaily.com
Պէյրութի ամերիկեան համալսարանին` «Էյ.Եու.Պի.»-ի մէջ ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինին գործակցութեամբ հաստատուած Հայոց ցեղասպանութեան անդրադարձող դասընթացքը արդէն քանի մը շաբաթէ ի վեր ընթացք առած է` ուսանողներու առաւելագոյն թիւով:
Ըստ վերջերս հրապարակուած զեկուցումի մը Լիբանանի մէջ մեծագոյնը, Միջին Արեւելքի մէջ երկրորդ դիրքը եւ աշխարհի լաւագոյն 250 համալսարաններու շարքին եղող նշեալ համալսարանին քաղաքական գիտութեանց (Political Studies & Public Administration) բաժանմունքին մէջ ներառուած դասընթացքին պատասխանատուն է բաժանմունքի դասախօսներէն դոկտ. Ժան Կէօքճեան:
«Հայ-թրքական հակամարտութիւնը» խորագիրով դասանիւթը Հայոց ցեղասպանութեան կողքին կ՛անդրադառնայ նաեւ այլ ցեղասպանութիւններու: