Աղբիւր՝ www.asbarez.com
ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Հռոմի պապի սկզբունքային դիրքորոշումը եւ Պունտեսթակի բանաձեւը ճամբայ կը բանան միւս պետութիւններու կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման համար: Այս մասին ըսած է ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեան «Ռոյթըրզ»ին տուած հարցազրոյցին ընթացքին:
«Գերմանիան շատ կարեւոր եւ նշանակալի խաղացող է միջազգային ասպարէզում, եւ այդ որոշումը լաւ օրինակ է միւս երկրների համար», յայտնած է նախագահը:
Սարգսեան նաեւ քննադատած է Եւրոմիութեան անդամակցելու ձգտումներուն մէջ Թուրքիոյ դիրքորոշումը՝ նշելով, որ Անգարա կը փորձէ օգտագործել բռնապետութեան քաղաքականութիւնը, որպէսզի ճնշում գործադրէ միութեան վրայ:
«Ես չեմ կարծում, որ Թուրքիան այն խաղացողն է, որը կարող է պարտադրել իր հայեացքները կամ ճնշել Եւրամիութեանը», ըսած է Սարգսեան, աւելցնելով, որ ինք չի տեսներ հեռանկարներ, որոնք կրնան ճանապարհ հարթել ԵՄին Թուրքիոյ անդամակցութեան համար:
Սերժ Սարգսեան «Ռոյթըրզ» գործակալութեան տուած հարցազրոյցին ընթացքին համոզում յայտնած է, որ Հանրապետական կուսակցութիւնը (ՀՀԿ) պիտի յաղթէ յառաջիկայ խորհրդարանական ընտրութիւններուն:
Նախագահը ընդգծած է՝ թէ Հան-րապետականի պարտութեան պարագային ինք քաղաքականութեան մէջ ընելիք չ՛ունենար այլեւս, ապա ծիծաղելով բացառած է ատոր հաւանականութիւնը: Նոյն հարցազրոյցին մէջ նախագահը նաեւ անդրադարձած է Ս. Փեթերսպուրկի մէջ տեղի ունեցած եռակողմ հանդիպման՝ յայտնելով, թէ այնտեղ պայմանաւորուած են շարունակել հանդիպումները եռակողմ ձեւաչափով:
«Մենք պայմանաւորուել ենք, որ այդ հանդիպումները եռակողմ ձեւաչափով, կը լինեն շարունակական եւ դրանք կը գան լրացնելու ԵԱՀԿ Մինսկի խմբի համանախագահների ձեւաչափը», յայտնած է նախագահը: