Աղբիւր՝ www.asbarez.com
ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Հայաստանի մօտ Ֆրանսայի դեսպան Ժան Ֆրանսուա Շարփանթիէի համաձայն՝ Ֆրանսայի մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող նոր օրինագիծին բնագիրը գրեթէ պատրաստ է, «եւ յառաջիկային պիտի լսենք այդ մասին»: Այս մասին կը գրէ Սարգիս Յարութիւնեան։
21 Յունիսին լրագրողներու հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին դեսպանը յայտնած է այս մասին՝ աւելցնելով, որ օրինագիծը միայն Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտման չի վերաբերիր, այլ՝ Ֆրանսայի կողմէ ճանչցուած բոլոր ցեղասպանութիւններուն:
«Այս Յունուարին, Ֆրանսայի հայկական կառոյցներու համակարգող ժողովին Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլանտ ելոյթ ունեցաւ եւ յստակօրէն ըսաւ, որ պէտք է կրկին սկսիլ ցեղասպանութիւններու ժխտումը քրէականացնող օրինագիծի ընդունման գործընթացին: Յստակօրէն յանձնարարութիւն տուաւ Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանի նախկին նախագահ Ժան Փոլ Քոսթային՝ ձեռնամուխ ըլլալու նոր օրինագիծի մշակման աշխատանքներուն: Կ՛ենթադրեմ, որ նոր օրինագիծին բնագիրը գրեթէ պատրաստ է: Յառաջիկային մենք պիտի լսենք այս մասին», ըսած է դեսպանը:
Անդրադառնալով Հայաստանի, Ատրպէյճանի եւ Ռուսիոյ նախագահներու փեթերսպուրկեան հանդիպման՝ դեսպանը «լաւ նշան» նկատած է այն, որ Սարգսեանն ու Ալիեւը սկսած են յաճախակիօրէն հանդիպելու. անոնք պարտաւոր են կանոնաւոր դարձնել այդ հանդիպումները եւ խօսիլ խաղաղութեան մասին: Դեսպանը աւելցուցած է, որ ԵԱՀԿ ծիրին մէջ աշխատանքներ կը տարուին վստահութեան մեքանիզմներու ստեղծման ու ներդրման համար:
«Ինչ կը վերաբերի վստահութեան մեքանիզմներուն, ատիկա առաջին հերթին կ՛ենթադրէ ԵԱՀԿ գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Քասփըրչիքի իրաւասութիւններու ընդլայնում եւ շփման գիծի երկայնքով հետաքննութեան, հսկողական մեքանիզմներու տեղադրում: Այսինքն՝ մարդոց տեղակայում: Խօսքը խաղաղապահ ուժերու տեղակայման մասին չէ, խօսքը դիտորդներու թիւի յաւելման մասին է», յայտնած է Ֆրանսայի դեսպանը։