Աղբիւր՝ www.armenianorthodoxchurch.org

 

Գերմանիոյ Դաշնակցային Հանրապետութեան Խորհրդարանի, 2 Յունիս 2016-ի, Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման բանաձեւի ընդունումէն ետք, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս զանազան եկեղեցական կազմակերպութիւններէ եւ հայ ժողովուրդի բարեկամ անհատներու կողմէ շնորհաւորական նամակներ եւ հեռաձայններ ստացաւ։

Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդը եւս զօրակցական նամակ մը յղեց Վեհափառ Հայրապետին, գնահատելով հայ ժողովուրդին պայքարի կամքը, ինչպէս նաեւ Գերմանիոյ ժողովուրդին մարդկային իրաւանց ու արդարութեան նկատմամբ ունեցած յանձնառութիւնը։ Նշենք, որ Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդը միջ-եկեղեցական կարեւոր դերակատարութիւն ունի շրջանէն ներս, եւ Վեհափառ Հայրապետը Խորհուրդի նախագահներէն մէկն է։