Աղբիւր՝ www.asbarez.com

 

Ռուսիոյ կառավարութիւնն ու բարձրագոյն դատարանը բացասական հակազդեցութիւն տուին Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտումին համար քրէական պատասխանատուութիւն նախատեսող բանաձեւին:

Այս տեղեկութիւնը հաղորդած «Rusarminfo» լրատու գործակալութիւնը կը գրէ, թէ այդ նախագիծի համահեղինակ, Ռուսիոյ խորհրդարանի նախագահի փոխխօսնակ Նիքոլայ Լեւիչեւի օգնականը նշած է, թէ բանաձեւը ետ ղրկուած է այն պատճառով, որ խախտուած է կառավարութեան ու բարձրագոյն դատարանին կողմէ զայն քննելու ժամկէտը։

Հայոց Ցեղասպանութեան ուրացումը քրէականացնող բանաձեւը Ռուսիոյ խորհրդարանին ներկայացուած էր 2015ի Նոյեմբեր 25ին, Թուրքիոյ կողմէ ռուսական օդանաւի զգետնումին յաջորդ օրը:

Նշենք, որ Ռուսիոյ խորհրդարանը Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցած է 1995ին։