Աղբիւր՝ www.asbarez.com
Ձայներու գերակշռող մեծամասնութեամբ, Եւրոպայի Կանաչներու կուսակցութիւնը Կիրակի, Նոյեմբեր 15ին, Լիոնի մէջ կայացած համաժողովին ընթացքին վաւերացուցած է Հայոց Ցեղասպանութեան մասին բանաձեւ մը, ըստ որուն՝ Օսմանեան կայսրութիւնը ցեղասպանութիւն իրագործած է հայ ժողովուրդին հանդէպ:
Բանաձեւը նաեւ կոչ կ՛ընէ Թուրքիոյ, որ ճանչնայ Հայոց Ցեղասպանութիւնը եւ աշխատի Հայաստանին եւ հայ ժողովուրդին հետ հաշտեցում հաստատելու ուղղութեամբ:
Այս նախաձեռնութեամբ Եւրոպայի Կանաչներու կուսակցութիւնը նաեւ կոչ ըրած է ցարդ Հայոց Ցեղասպանութիւնը չճանչցած բոլոր երկիրներուն՝ հրապարակայնօրէն ճանչնալու զայն: Կուսակցութիւնը ընդգծած է, որ նման քայլեր դրական ազդեցութիւն պիտի ունենան Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման վրայ եւ պիտի նպաստեն նման ոճիրներու կանխարգիլման:
Բանաձեւին մէջ, Եւրոպայի Կանաչներու կուսակցութիւնը ցաւ կը յայտնէ հայկական մշակութային ունեցուածքի կորուստին համար եւ կոչ կ՛ընէ Թուրքիոյ կառավարութեան, որ յարգէ հայկական մշակութային ժառանգութիւնը եւ ձեռնարկէ խիստ միջոցներու՝ զայն պաշտպանելու համար: Բանաձեւը կը պահանջէ Անգարայէն, որ վերագնահատէ պատմական եւ մշակութային նիւթերը, բանայ արխիւները՝ պատմաբաններու, հետազօտողներու եւ գիտնականներու առջեւ՝ փորձելով հաշտուիլ անցեալին հետ: Բանաձեւը այս բոլորին տրամաբանական շարունակութիւնը կը նկատէ ջնջել Թուրքիոյ քրէական օրէնսգիրքի թիւ 301 յօդուածը, որ նաեւ կը սահմանափակէ Ցեղասպանութեան վերաբերեալ քաղաքական եւ հանրային քննարկումները:
Եւրոպական խորհրդարանի պատգամաւոր, Կանաչներու խմբակցութեան փոխնախագահ, «Հայաստանի եւրոպացի բարեկամներ» կազմակերպութեան խորհրդատուական խումբի անդամ Միշել Ռիվազին ըսած է. «Ինչպէս կը յիշեցնեն Փարիզի մէջ կատարուած ողբերգական դէպքերը, աշխարհը կանգնած է լուրջ հարցի առջեւ: Երկար տարիներով ատելութեան խօսքը բաւարար չափով չէ դատապարտուած, ինչ որ օգնած է ծայրայեղականներուն, որ տարածեն իրենց քարոզչութիւնը եւ բարձրացնեն բռնութեան մակարդակը։ Այսպէս պէտք չէ շարունակել։ Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակին, Եւրոպայի Կանաչներու կուսակցութեան վաւերացուցած այս բանաձեւին նպատակն է յիշեցնել իւրաքանաչիւր երկիրի, որ իր մասնաբաժինը ունի ներդնելու՝ աւելի խաղաղ աշխարհ մը մէջտեղ բերելու աշխատանքին մէջ: Այս պատճառով, Թուրքիա պէտք է այժմ դադրեցնէ իր ժխտողական քաղաքականութիւնը: Ժխտումը ատելութեան շարժակին վառելանիւթն է։ Թուրքիան միայն պիտի շահի՝ ճանչնալով Հայոց Ցեղասպանութիւնը: Առանց Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման, խաղաղութիւն կարելի չէ հաստատել»:
«Հայաստանի եւրոպացի բարեկամներ» (ՀԵԲի կայքն է՝ www.EuFoA.am») կազմակերպութեան ղեկավար Էտուարտօ Լորենցօ Օչօա եւս դրուատած է բանաձեւին վաւերացումը։
Եւրոպայի Կանաչներու կուսակցութիւնը համաեւրոպական քաղաքական կուսակցութիւն է, որ ի մի կը բերէ մօտաւորապէս 45 Կանաչներու կուսակցութիւն ու շուրջ 50 աթոռ ունի Եւրոխորհրդարանին մէջ՝ Եւրոպական ազատ դաշինք խորհրդարանական խմբակցութեան շարքերէն ներս։