Աղբիւր՝ www.asbarez.com
Թուրքիոյ քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան երեսփոխան եւ Եւրոպական հարցերու նախկին նախարար Ալի Հայտար Քոնչա Հոկտեմբեր 18ին այցելեց Հոլանտայի հայաշատ Ալմելօ քաղաքը ու հանդիպում մը ունեցաւ համայնքի ղեկավարներուն հետ։ Քոնչա Հոլանտա մեկնած էր Նոյեմբեր 1ի երեսփոխանական ընտրութիւններու քարոզարշաւին կապակցութեամբ։
Հանդիպումը կայացաւ Ալմելոյի Հայց. առաքելական եկեղեցւոյ մէջ եւ անոր մասնակցեցան նաեւ Հոլանտայի ՀՅԴ կառոյցի եւ Հայ Դատի յանձնախումբի անդամները:
Հանդիպման ներկայ գտնուեցաւ նաեւ հոլանտացի երեսփոխան Փիթըր Օմթզիխթ։
Քոնչա իր ելոյթին ընթացքին մասնաւորաբար անդրադարձաւ Հայոց Ցեղասպանութեան հարցին։ Ան նշեց, որ հայկական միջավայրին մէջ ինքզինք կը զգայ իր հարազատ տան մէջ, իսկ հայկական կոտորածներուն անդրադառնալով՝ ըսաւ, որ 20րդ դարասկիզբի դէպքերը ուրիշ բան չեն, եթէ ոչ՝ ցեղասպանութիւն։ «Բոլորս գիտենք, որ 1915ին Օսմանեան Թուրքիոյ մէջ հայ ազգաբնակչութիւնը ենթարկուեցաւ աղէտալի ու արիւնալի դէպքերու։ Եթէ մէկ բառով նկարագրենք հայ ժողովուրդի տառապանքները, պէտք է ըսենք, որ պատահածը ցեղասպանութիւն էր», յայտարարեց Քոնչա։
Քիւրտ երեսփոխանը մասնակցեցաւ նաեւ Ս. պատարագին։