Աղբիւր՝ www.yerakouyn.com
Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի ձեռնարկներու ծիրէն ներս` ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան հովանաւորութեամբ` Հոկտեմբեր 14-17 Նիւ Եորքի «Վլատիմիր Քոչարեան» թատերախումբը Հայաստանի մէջ առաջին անգամ պիտի ներկայացնէ «Հոգիս ձեզմով կը խայտայ» փաստագրական թատերգութիւնը` ըստ թուրք գրող Քեմալ Եալչընի համանուն գիրքին:
Ներկայացումները տեղի պիտի ունենան Հոկտեմբեր 14-ին, ժամը 19:00-ին Գիւմրիի Վ. Աճեմեանի, Հոկտեմբեր 15-ին, ժամը 19:00-ին` Վանաձորի Հ. Աբէլեանի, Հոկտեմբեր 17-ին, ժամը 19:00-ին` Երեւանի Կ. Ստանիսլաւսկու անուան թատրոններուն մէջ: