Աղբիւր՝ www.asbarez.com
ՀՅԴ Աւստրալիոյ Հայ Դատի յանձնախումբը ողջունած է Աւստրալիոյ նոր վարչապետ Մալքըլմ Թըրնպուլի ընտրութիւնը։ Ան Սեպտեմբեր 15ին պաշտօնապէս ստանձնեց իր նոր պաշտօնը:
Աւստրալիոյ Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Վաչէ Ղահրամանեան երկիրի նորընտիր վարչապետին ուղարկած է նամակ մը, որուն մէջ ընդգծուած է. «Հայերուն առնչուող հարցերուն նկատմամբ Մալքըլմ Թըրնպուլի նախկին գործունէութիւնը տպաւորիչ է, ու մենք անհամբերութեամբ կը սպասենք այդ ամուր յարաբերութիւններու շարունակութեան»:
ՀՅԴ Աւստրալիոյ Հայ Դատի գրասենեակը կը ծրագրէ հանդիպիլ նորընտիր վարչապետին հետ՝ քննարկելու համար Աւստրալիոյ հայութեան վերաբերող որոշ հարցեր:
Նշենք, որ Թըրնպուլ խորհրդարանէն ներս Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման վառ կողմնակիցներէն մէկն էր: Նոյեմբեր 23, 2013ին, երբ ան հեռահաղորդակցութիւններու նախարար էր, Աւստրալիոյ Ներկայացուցիչներու տան մէջ հանդէս եկած էր ելոյթով մը՝ կոչ ընելով պաշտօնապէս ճանչնալու հայերու, յոյներու եւ ասորիներու ցեղասպանութիւնները:
Օրին, անդրադառնալով ՀՅԴ Աւստրալիոյ Հայ Դատի գրասենեակի պատուիրակութեան կատարած այցին խորհրդարան՝ Թըրնպուլ խորհրդարանի բեմէն յայտարարած էր. «Այդ մարդիկը (Հայ Դատի գրասենեակի պատուիրակութիւնը), ինչպէս եւ մենք, հաւաքուած ենք այստեղ, որպէսզի յարգենք մարդկութեան դէմ ամենամեծ ոճրագործութիւններէն մէկուն զոհերու յիշատակը: Ոճրագործութիւն, որ ոչ միայն յոյներու, ասորիներու ու հայերու դէմ էր, այլեւ՝ մարդկութեան դէմ, երբ միլիոնաւոր մարդիկ բնաջնջուած, կախաղան հանուած ու սպաննուած են միայն այն պատճառով, որ անոնք տարբեր էին: Յանցագործութեան այդ տեսակը, ցեղասպանութեան յանցագործութեան այդ տեսակը, ցաւօք, եզակի չէ պատմութեան մէջ»: