Աղբիւր՝ www.yerakouyn.com

 

Պաշտօնական այցով Հայաստան գտնուող Պելճիքայի Թագաւորութեան խորհրդարանական պատուիրակութիւնը Սեպտեմբեր 8-ին ՀՀ ԱԺ արտաքին յարաբերութիւններու մշտական յանձնաժողովի նախագահի տեղակալ Շիրակ Թորոսեանի ուղեկցութեամբ այցելեց Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր:

ՀՀ ԱԺ հասարակայնութեան եւ տեղեկատուութեան միջոցներու հետ կապերու վարչութեան հաղորդմամբ` պելճիքացի խորհրդարանականները ծաղիկներ դրած են 1915 թուականի Հայոց մեծ եղեռնի յուշարձանին եւ լռութեամբ ու խոնարհումով յարգած սուրբ նահատակներու յիշատակը:

Պատուիրակութեան անդամները Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի մէջ ծանօթացած են Հայոց մեծ ողբերգութեան մասին պատմող փաստաթուղթերուն եւ ցուցանմուշներուն, գրառում կատարած են յուշամատեանին մէջ:

Պրիւքսէլի ֆրանկոֆոնիայի խորհրդարանի ղեկավար Ժիւլի տը Գրոտը նշած է, որ իրենք յառաջիկային այցելելով Լեռնային Ղարաբաղ` որոշակի առաքելութիւն ունին իրականացնելու:

«Մենք համատեղ ուժերով պէտք է որոշակի խնդիրներու վերաբերեալ լուծումներ գտնենք»,- ըսած է Ժիւլի տը Գրոտը: