Աղբիւր՝ www.yerakouyn.com

 

Պուէնոս Այրէսի մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած միջազգային գիտաժողովին վերջին օրը ելոյթ ունեցած են յայտնի ցեղասպանագէտներ: Այս մասին կը հաղորդէ Artsakhpress.am-ը՝ վկայակոչելով PrensaArmenia.com.ar-ը։

Գիտաժողովին ելոյթ ունեցած են Ցեղասպանագէտներու միջազգային ընկերակցութեան նախկին նախագահ, ցեղասպանագէտ Դանիէլ Ֆիերշդէյնը, որ կարեւոր համարած է ցեղասպանութիւններու ուսումնասիրումը զանոնք յետագային կանխարգիլելու համար:

«Այս առնչութեամբ շատ կարեւոր է օրէնսդրական դաշտի առկայութիւնը: Պէտք է ոչ միայն ճանչցուին ցեղասպանութիւնները այլեւ անոնց ժխտումը քրէօրէն պատժուի»,- ըսած է ան` աւելցնելով, որ ցեղասպանագէտները լուրջ աշխատանք ունին։

Նշենք, որ Օգոստոս 20-23 Պուէնոս Այրէսի համալսարանի իրաւագիտութեան բաժանմունքին մէջ տեղի ունեցած է Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած միջազգային գիտաժողով, որուն ընթացքին մասնակիցները խօսած են Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման անհրաժեշտութեան մասին, բարձրացուցած  ցեղասպանութեան հետեւանքներու վերացման եւ ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրէնքներու անհրաժեշտութեան հարցը: