Աղբիւր՝ www.yerakouyn.com
Հայաստանի, Եւրոպայի, ՌԴ-ի բազմաթիւ բնակավայրերու մէջ ծածանած 100 մեթր երկայնքով Հայոց եռագոյնը, որ նուիրուած է Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին, պիտի ծածանի նաեւ Արարատի գագաթին: Այս մասին, ըստ Artsakhpress.am-ի, կը յայտնէ «Տիգրան Մեծ» բարեգործական հիմնադրամի նախագահ, նախաձեռնութեան հեղինակ Սրապիոն Գէորգեան` Արարատի մատոյցներէն:
Միաժամանակ, Արարատի գագաթին Գագիկ Գինոսեանի գլխաւորութեամբ շուրջպար պիտի բռնէ «Կարին» պարախումբը:
Տուեալ պահուն ուխտագնացութեամբ Արեւմտեան Հայաստան մեկնած հայորդիներու խումբը կը յաղթահարէ Արարատ լերան 5165 մեթր բարձրունքը: