Աղբիւր՝ www.yerakouyn.com
«Ֆրեսքօ» արդի արուեստի եւ հոգեւոր ֆիլմերու երկրորդ միջազգային փառատօնը պիտի կայանայ Յունիս 27-էն Յուլիս 5` «Ֆորմիքա Արթ» ընկերութեան եւ «Ծիածան» հասարակական կազմակերպութեան նախաձեռնութեամբ: Այս տարի փառատօնի հիմնական գաղափարախօսութիւնը խաղաղութիւնն է, իսկ ամբողջ ծրագիրը կը նուիրուի Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի յիշատակին, կը գրէ PanARMENIAN.Net -ը:
2015 թուականի փառատօնը ծաւալային եւ բովանդակային առումով աւելի լայն է, քանի որ նպատակ ունի իրականացնել Հայաստանի մէջ բացօթեայ լայնածաւալ լուսանկարչական ցուցահանդէս` «Կարապի լիճ»-ի երկայնքով եւ նորարարական տեխնոլոգիաներու կիրառմամբ` թատերական ներկայացում, ինչ որ նոր գոյներ եւ թարմութիւն պիտի հաղորդէ փառատօնին եւ պիտի նպաստէ աւելի շատ մասնակիցներու ներգրաւման, կը տեղեկացնէ փառատօնի պաշտօնական կայքը:
Փառատօնի մրցութային ծրագրին մէջ ընդգրկուած է հինգ տասնեակէ աւել ֆիլմ` Հայաստանէն, Ռուսիայէն, Պելառուսիայէն, Գանատայէն, Իտալիայէն, Սպանիայէն, Գերմանիայէն, Ֆրանսայէն, Փորթուկալէն, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններէն, Իրանէն, Իրաքէն, Հարաւային Քորէայէն, Իսրայէլէն եւ այլ երկիրներէ:
«Ֆրեսքօ»-ն մասնակիցներուն կինոփառատօնի իրականացման ոչ պաշտօնական մօտեցում կ՛առաջարկէ փառատօնի բոլոր փուլերուն` ֆիլմի դիտումէն մինչեւ ձեռնարկներու իրականացման վայրեր, նստարանէն մինչեւ մրցանակ: Նմանատիպ նախաձառնութիւններու համար արդէն սովորական դարձած երեւանեան կեդրոնի փոխարէն ցուցադրութիւնները տեղի պիտի ունենան քաղաքի հանրաշատ վայրերու մէջ (այգիներ, եկեղեցիներու բակեր): Սովորական աթոռներուն պիտի փոխարինեն յատուկ պարկեր, իսկ փառատօնի տեղացի եւ օտարերկրեայ պաշտօնական հիւրերը փառատօնի «անհաս հերոսներ» ըլլալու փոխարէն պիտւ ըլլան հանդիսատեսին հետ, ժամանակաւորապէս պիտի դառնան անոնց` ֆիլմաշխարհի ճանաչման ուղեկից-ընկերը: Փառատօնը պիտի ուղեկցուի շուրջօրեայ բացօթեայ ցուցադրութիւններով ու «առանց տոմսի» ֆիլմի դիտումներով:
Փառատօնը առանձնակի նշանակութիւն կու տայ ընկերային յատուկ խումբերու ու յատկապէս սահմանափակ կարողութիւն ունեցող անձերու հետ աշխատանքին:
«Ֆրեսքօ» արդի արուեստի եւ հոգեւոր ֆիլմերու միջազգային փառատօնը առաջին անգամ կազմակերպուած է 2014-ին եւ ունեցած է բաւականին մեծ յաջողութիւն: Փառատօնի նպատակներն են` հոգեւոր եւ մշակութային երկխօսութեան միջոցով նպաստել հանրութեան մէջ սիրոյ, համերաշխութեան եւ մարդասիրական արժէքներու վերահաստատման, միջազգային եւ միջկրօնական հանդուրժողականութեան տարածումը, հոգեւոր-բարոյական ֆիլմերու ստեղծումն ու զարգացման խթանումը եւ անոնց նկատմամբ հանրային պահանջարկի աւելացում` որպէս ընկերա-մշակութային կարեւոր գործօն, մշակութային գործիչներու շփումներու աշխուժաումը եւ փոխշահաւէտ համագործակցութեան դաշտի ստեղծում, այլ երկիրներու ժողովուրդներու հետ մշակութային երկխօսութիւն եւ անոր ծիրէն ներս ինքնաճանաչման եւ ազգային գիտակցութեան բարձրացում, մասնագիտական փորձի փոխանակում: