Աղբիւր՝ www.aztagdaily.com

 

ՀՅԴ Ֆրանսայի Հայ դատի յանձնախումբին նախաձեռնութեամբ Ֆրանսայի խորհրդարանին մէջ երէկ սկսաւ Հայոց ցեղասպանութեան նուիրուած միջազգային գիտաժողով մը, որ կը կրէ «Արդարութիւն եւ հետեւանքներու փոխհատուցում հայ ժողովուրդին» խորագիրը:

«Արմէնփրես»-ին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Հայ դատի յանձնախումբի անդամ Մուրատ Փափազեան ըսաւ, որ գիտաժողովին հիմնական հարցը պիտի ըլլայ Հայոց ցեղասպանութեան հարցին մէջ հետեւանքներու վերացումն ու պահանջատիրութիւնը: Հիմնական զեկուցողը պիտի ըլլայ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսը, որ պիտի ներկայացնէ Սիսի կաթողիկոսական կալուածի վերադարձին պահանջով Թուրքիոյ Սահմանադրական դատարան դիմելու հայցին մանրամասնութիւնները:

«Ոչ միայն ցեղասպանութեան ճանաչումով պէտք է բաւարարուինք, այլեւ պէտք է քաղաքականացնենք եւ կազմաւորենք հատուցման հարցը: Գիտաժողովին պիտի մասնակցի  Ֆրանսուա Հոլլանտի աջ ձեռքը` խորհրդարանի ընկերվարական խումբի ղեկավար Պրունօ Լերուն, որ նաեւ հանդէս պիտի գայ ծաւալուն ելոյթով», ըսաւ Փափազեան` աւելցնելով, որ քննարկման ներկայ պիտի գտնուին հայ եւ ֆրանսացի քաղաքագէտներ եւ իրաւաբաններ:

«Ասիկա առաջին նմանօրինակ քայլն է, որուն պէտք է յաջորդէ ծաւալուն աշխատանք մը, որ տարբեր երկիրներու դեսպանատուններու ներկայացնենք պահանջատիրութեան հարցն ու հատուցման սկզբունքը», ըսաւ Փափազեան` աւելցնելով, որ գիտաժողովի աւարտին հռչակագիր մը պիտի ընդունուի: