Աղբիւր՝ www.asbarez.com

 

Թուրքիոյ ընդդիմադիր քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարութիւն կուսակցութեան (HDP) արտաքին յարաբերութիւններու գծով փոխնախագահ Նազմի Կիւր հանդէս եկած է հայամէտ յայտարարութիւններով:

Թրքական «Haberazerbaycan.com» լրատուական կայքին համաձայն՝ Կիւր յայտարարած է, որ իր կուսակցութիւնը կողմ է Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման եւ սահմանի բացման:

Ռուսական «Ռիա Նովոսթի» լրատուական գործակալութեան հետ հարցազրոյց տուած Կիւր նաեւ նշած է, որ իր կուսակցութիւնը կը փափաքի, որ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցուի:

«Մենք կողմ ենք, որպէսզի կեանքի կոչուին Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման արձանագրութիւնները եւ սահմանը բացուի: Հայ-թրքական յարաբերութիւնները պէտք է ղարաբաղեան հիմնախնդիրի լուծման հետ կապուած ըլլան: Հայաստանն ու Ատրպէյճանը պէտք է բանակցութիւններով լուծեն հակամարտութիւնը: Մենք նաեւ կ՛ուզենք, որ ճանչցուի Օսմանեան կայսրութեան շրջանին հայերու նկատմամբ իրագործուած ցեղասպանութիւնը», նշած է Կիւր: