Աղբիւր՝ www.asbarez.com
Պրազիլի արտաքին գործոց նախարարութիւնը տարածած է հաղորդագրութիւն մը, ուր ցաւ կը յայտնէ իր դեսպանը տուն կանչելու Թուրքիոյ կառավարութեան որոշման առնչութեամբ, միաժամանակ շեշտելով, որ կան գաղափարներ եւ դիրքորոշումներ, որոնք ենթակայ չեն փոփոխութեան:
Ըստ «Աժենսիա Փրենսա Արմէնիա»ի՝ նախարարութիւնը ափսոսանք յայտնած է, որ Թուրքիոյ կառավարութիւնը Պրազիլի Ծերակոյտին կողմէ Յունիս 3ին վաւերացուած եւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցած բանաձեւին առնչութեամբ նման դիրքորոշում որդեգրած է:
«Յունիս 1ին, Պրազիլի մօտ Թուրքիոյ դեսպանը այցելած է արտաքին գործոց նախարարութիւն, ուր անոր սպառիչ բացատրութիւն տրուած է բանաձեւին կապակցութեամբ: Անոր ըսուած է, որ կան տեսակէտներ եւ աւանդական դիրքորոշումներ շարք մը հարցերու առնչութեամբ, որոնք ենթակայ չեն փոփոխութեան: Նոյն բացատրութիւնը ներկայացուած է նաեւ
Պրազիլիոյ մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանին», ըսուած է յայտարարութեան մէջ, ուր կ՛ընդգծուի, որ իր որոշումը կայացնելու ընթացքին Ծերակոյտը հիմնուած է Պրազիլի սահմանադրութեամբ ամրագրուած անկախութեան լիազօրութեան վրայ: Միաժամանակ, նախարարութիւնը յոյս յայտնած է, որ Թուրքիոյ հետ պաշտօնական ռազմավարական յարաբերութիւնները մօտիկ ապագային կը վերադառնան բնականոն հունին:
«Ամէն անգամ, որ պետութիւն մը Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման օրինագիծ կը վաւերացնէ, Թուրքիոյ կառավարութիւնը ճնշումներ կը գործադրէ եւ կը խզէ դիւանագիտական յարաբերութիւնները այդ երկրին հետ: Պրազիլի Ծերակոյտը իր այս քայլով միացաւ Հարաւային Ամերիկայի այն պետութիւններուն, որոնք կողմ են արդարութեան եւ դէմ են մարդկութեան դէմ յանցագործութիւններուն», յայտարարեց ՀՅԴ Հայ Դատի Հարաւային Ամերիկայի յանձնախումբի ղեկավար Ալֆոնսօ Թապաքեան: