Աղբիւր՝ www.aztagdaily.com

 

Սպանիոյ մէջ Հայաստանի դեսպանատունը կը տեղեկացնէ, որ Սանթա Մարկարիթան միացած է Հայոց ցեղասպանութիւնը պաշտօնապէս ճանչցած սպանական քաղաքներուն:

«Սանթա Մարկարիթայի քաղաքապետարանը որոշած է աջակցութիւն ցուցաբերել, որպէսզի ճանչցուի Հայոց ցեղասպանութիւնը եւ պահանջուի փոխհատուցում, պահանջել Սպանիոյ կառավարութենէն այդ Ցեղասպանութեան ճանաչումը եւ կազմակերպել այս որոշման փոխանցումը միջազգային կառոյցներուն», նշուած է քաղաքապետարանի որոշումին մէջ: