Աղբիւր՝ www.aztagdaily.com
«Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով Ազգային ժողովը յայտարարութիւն պատրաստած է», յայտնած է Հայաստանի Ազգային ժողովի Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութեան խմբակցութեան քարտուղար Վահէ Էնֆիաճեան, երէկուան նիստին ընթացքին:
Ըստ անոր, յայտարարութեան վերամշակուած տարբերակին մէջ, որ արդէն մտած է Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի օրակարգ, յղում կը կատարուի ՄԱԿ-ի եւ միջազգային շարք մը հեղինակաւոր կառոյցներու ընդունած այն հռչակագիրներուն եւ օրէնքներուն, որոնցմով կը դատապարտուին 1915 թուականին Օսմանեան Թուրքիոյ կողմէ իրականացուած ցեղասպանութիւնը:
Յայտարարութեան մշակուած նախագիծին միացած են Ազգային ժողովի բոլոր յանձնախումբերու ներկայացուցիչ պատգամաւորները:
Ստորեւ` յայտարարութեան նախագիծը.
Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային Ժողովի
Յայտարարութիւնը` Հայոց Ցեղասպանութեան
100-Ամեակին Առիթով
Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային Ժողովը`
– Հիմք ընդունելով ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովին կողմէ 1948 թուականի 9 դեկտեմբերին ընդունուած «Ցեղասպանութեան յանցագործութիւնը կանխարգիլելու եւ պատժելու մասին» հռչակագիրը, Խորհրդային Հայաստանի Գերագոյն խորհուրդին կողմէ 1988 թուականի 22 նոյեմբերին ընդունուած «Օսմանեան Թուրքիոյ մէջ հայերու 1915 թուականի ցեղասպանութեան դատապարտման մասին» օրէնքը,
– Արժեւորելով «Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի Համահայկական հռչակագիր»-ին մէջ ամրագրուած դրոյթները,
– Կարեւոր նկատելով միջազգային հանրութեան հետ միացեալ ուժերով մարդկութեան դէմ յանցագործութիւններու, ցեղասպանութիւններու դատապարտման եւ կանխարգիլման ուղղուած ջանքերուն մէջ հայ ժողովուրդին ունեցած ներդրումը,
– Երախտագիտութիւն յայտնելով բոլոր պետութիւններու խորհրդարաններուն եւ պետական կառոյցներուն, որոնք պաշտօնապէս ճանչցած են Հայոց ցեղասպանութիւնը, ընդունած են Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրէնքներ.
Կոչ կ'ուղղէ բոլոր երկիրներու խորհրդարաններուն եւ միջխորհրդարանական կազմակերպութիւններուն, պաշտօնապէս ճանչնալու եւ դատապարտելու Օսմանեան կայսրութեան կողմէ իրականացուած Հայոց ցեղասպանութիւնը` իբրեւ մարդկութեան դէմ ուղղուած ծանրագոյն յանցագործութիւն: