Աղբիւր՝ www.yerakouyn.com
Birthright Armenia ծրագիրը Ապրիլ 1-ին համացանցի վրայ կը սկսի #AG արշաւը` բարձրաձայնելու համար Հայոց ցեղասպանութեան 100րդ տարելիցին մասին: «Արմէնփրէս»-ի հաղորդմամբ` արշաւի ծիրէն ներս ամբողջ աշխարհի մէջ պիտի տարածուին «A & G» ժամանակաւոր դաջուածքներ եւ համացանցի վրայ #AG հաշթակով տեղեկատուութիւն` աշխարհին աւելի լայն թափով բարձրաձայնելու համար Հայոց ցեղասպանութեան իրողութիւնը:
Արշաւին միանալու համար օգտատէրերը պէտք է համացանցին վրայ տեղադրեն իրենց լուսանկարները` #AG, #AG1915 եւ #AG100 հաշթակներով: Արշաւը կը ծրագրուի աշխոյժ ձեւով իրականացնել Հայաստանի, ԱՄՆ-ի, Գանատայի, Մեծ Բրիտանիոյ, Ֆրանսայի, Գերմանիոյ, Սպանիոյ, Մեքսիքայի, Արժանթինի, Ուրուկուէյի, Պրազիլի, Աւստրալիոյ, Քուէյթի, Իրանի, Թուրքիոյ մէջ: