Աղբիւր՝ www.asbarez.com
Հրանդ Տինք հիմնարկին կողմէ հրատարակուած «Հայոց Ցեղասպանութեան հարցով՝ խիղճ եւ պատասխանատուութիւն. Փրկուածներու մասին նոր ուսումնասիրութիւններ» անունով գիրքի շնորհահանդէսը պիտի կայանար Մարտ 14-ին, Ճեզայիրի սրահին մէջ:
Դոկտոր Ալպեր Օքթեմինի կողմէ նախաձեռնուած եւ «Պատմութեան հետազօտութիւններու խրախուսման» հիմնարկի աջակցութեան արժանացած աշխատանքները հաւաքուած են մէկ գիրքի մէջ:
Գիրքին մէջ տեղ գտած են նաեւ Ճորճ Շիրինեանի, Պուրչին Կերչեքի, Արմէն Մարսուպեանի, Իշխան Չիֆտչեանի, Նամըք Քեմալի եւ Ատնան Չելիքի աշխատութիւնները:
Գիրքի շնորհահանդէսին ընթացքին բացման խօսքով հանդէս պիտի գար փաստաբան Ֆեթհիյէ Չեթինն ու Սուրի նախկին նահանգապետ Ապտուլլահ Տեմիրպաշը: