Աղբիւր՝ www.armenianorthodoxchurch.org
Անցնող օրերու ընթացքին, Ժընեւի մէջ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին նախագահութեամբ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան կողմէ Թուրքիոյ Սահմանադրական դատարանին մօտ բացուելիք դատով զբաղող յանձնախումբը ունեցաւ իր վերջին նիստը: Մասնագէտներէ կազմուած յանձնախումբը անցնող շուրջ երկու տարիներու ընթացքին, միշտ Վեհափառ Հայրապետին ներկայութեամբ, հանդիպումներ ունեցած էր պատրաստելու համար Սիսի պատմական Կաթողիկոսարանի վերադարձի պահանջքին դատական թղթածրարը:
Յիշեալ թղթածրարը իր վերջնական ձեւը ստացաւ եւ մօտ օրէն պիտի ներկայացուի Թուրքիոյ Սահմանադրական դատարան: Բնականաբար, այս դատը իր էութեամբ մեր Եկեղեցւոյ ու ժողովուրդին դատը ըլլալով, այս ուղղութեամբ ըլլալիք զարգացումներուն մասին տեղեակ պիտի պահենք մեր ժողովուրդը: